Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թրքական ճակատն իր նախընտրութիւնը տուած է Ռուսիոյ՝ իբրեւ ամէնէն վստահելի եւ լիազօրուած միջնորդը․ «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 25,2023 10:20

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խոր տարակարծութիւնները տարածուած են նաեւ միջնորդ հարթակներու նկատմամբ կասկածներու եւ մերժողական կեցուածքներու վրայ։ Միացեալ Նահանգներ- Եւրոպական Միութիւն առանցքը ներկայիս բանակցութիւններու համար ընդունելի եւ վստահելի հարթակ մըն է Հայաստանի համար, իսկ Ռուսիան՝ Ատրպէյճանի համար։ Պաքու նոյնիսկ յառաջ կը քշէ «երեք առաւել երեք» հարթակին վրայ Հայաստանի հետ բանակցութիւններ կատարելու ընտրանքը՝ շեշտելով,որ Հայաստանի հետ բանակցութիւններու միջնորդութիւն չեն կրնար կատարել արտատարածքային ուժեր։ Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան։

Ատրպէյճանի այս դիրքորոշման հիմնական պատճառները կը գտնուին ամերիկեան եւ եւրոպական քուլիսներուն մէջ, ուր, ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն, ձեւաւորուած են հակաատրպէյճանական կեցուածքներ, դիրքորոշումներ եւ մտադրութիւններ, որոնք կը միտին Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչել՝ յատկապէս Արցախի հայաթափման առաջնորդող զինուորական գործողութիւններու եւ ցեղասպանական ոճիրներու համար։ Հետեւաբար թրքական ճակատը՝ Անգարա- Պաքու առանցքով, իր նախընտրութիւնը տուած է Ռուսիոյ՝ իբրեւ ամէնէն վստահելի եւ լիազօրուած միջնորդը, որուն հովանիին ներքեւ կարելի է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կատարել բանակցութիւններ՝ խաղաղութեան հասնելու տեսլականով։

Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի միջնորդութիւնները մերժելով՝ Պաքուի իշխանութիւնները նաեւ ամերիկեան իշխանութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան համապատասխան կառոյցներուն կ՛ուղղեն աննախընթացօրէն սուր քննադատութիւններ, զանոնք ամբաստանելով երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն վարելու, հայամէտ կեցուածքներ դրսեւորելու, հայկական կողմը զինելու, Հայաստանի իբրեւ թէ «վրէժխնդրական մտադրութիւններ ունեցող կողմերու» նեցուկ կանգնելու յանցանքներով։ Անոնք նաեւ, ըստ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, չեն հասկնար, ըմբռներ եւ ընդունիր, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացք առած է «խաղաղութեան եւ արդարութեան ժամանակաշրջան մը», Թուրքիոյ ամբողջական նեցուկը եւ զօրակցութիւնը վայելող Ատրպէյճանի կողմէ, որուն շահերը այս շրջանին ամբողջականօրէն կը համընկնին նաեւ Ռուսիոյ պատկերացումներուն եւ շահերուն, ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ամբողջական վերաբացման, հակառակ անոր որ մինչ ատրպէյճանցիները օրն ի բուն կը հոլովեն այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան միջանցք» բանալու իրենց որոշումը, ռուսերը կը պնդեն,որ իրենք ոչ մէկ ատեն Զանգեզուրի միջանցք եզրը գործածած են, այլ կը խօսին շրջանին մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ փոխադրութեան ուղիներու ամբողջական վերագործարկման եւ բացման անհրաժեշտութեան մասին։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930