Լոյս տեսած է Արմինէ Հ. Տիգրանեանի անգլերէն աշխատութիւնը` նուիրուած Արցախի մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան:
Աշխատութիւնը յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ նաեւ հայերէն որպէս «Վէմ» մատենաշարի 7-րդ հատոր եւ նախատեսուած է օգտագործուիլ հայկական յուշարձաններու պաշտպանութեան վերաբերեալ յատուկ դասընթացներ կազմակերպելու համար։
«Վէմ» մատենաշարի 6-րդ հատորը՝ Արմինէ Հ. Տիգրանեանի՝ «The Armenian cultural heritage of Artsakh. Mechanisms for Protection in the International System for Preservation of Heritage» անգլերէն աշխատութիւնն է, 216 էջ ծաւալով։
Աշխատութիւնը յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ նաեւ հայերէն որպէս «Վէմ» մատենաշարի 7-րդ հատոր եւ նախատեսուած է օգտագործուիլ հայկական յուշարձաններու պաշտպանութեան վերաբերեալ յատուկ դասընթացքներ կազմակերպելու համար։
Անգլերէնով հրապարակուած Արմինէ Հ. Տիգրանեանի աշխատութեան կցուած է վերջին տարիներուն Արցախի մէջ աւերուած հայկական յուշարձանները պատկերող լուսանկարներու ծաւալուն հաւաքածոյ։ Աշխատութեան խմբագիրներն են հնագէտ-մշակութաբան Համլետ Պետրոսեան եւ «Վէմ» հանդէսի խմբագիր Գէորգ Խուդինեան, իսկ թարգմանիչն է Զարուհի Արեւշատեան։
Մենագրութեան հետազօտական եւ թարգմանչական աշխատանքները իրականացած են Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային հիմնարկի (NAASR) եւ «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան հայագիտական հիմնադրամի կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհին շնորհիւ:
«Վէմ» մատենաշարի հերթական հատորը օտարերկրեայ ընթերցողին ու քաղաքական շրջանակներուն կը ներկայացնէ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ասպարէզին մէջ կուտակուած համաշխարհային փորձը, նախորդ տասնամեակներուն ընթացքին ընդունուած իրաւական ուժ ունեցող փաստաթուղթերը եւ անոնց կիրառման միջազգային ձեւերը։
Աղբիւրը` Եռագոյն