Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Երկրի աւելի արագ զարգացման համար կը մնայ խոչընդոտ մը: Արտագաղթի եւ կրթական անփառունակ մակարդակի պատճառած, արտասահմանեան չափանիշներով մասնագէտներու պակասը. «Ասպարեզ»

Նոյեմբեր 22,2023 10:34

Հայաստան Արցախի պատերազմին իր կրած պարտութենէն ետք, բարեբախտաբար, ներքին քաղաքական ապակայունացում չապրեցաւ: Ժողովուրդին մօտ թէեւ ակնյայտ էր սաստիկ ընկճուածութիւնը եւ արժանապատուութեան նուաստացումի զգացումը, սակայն ան իմաստութիւնը ունեցաւ իրողութիւնը սառնասրտութեամբ ընկալելով՝ մնալու պետականութեան զօրավիգ: Բոլորին, նոյնիսկ ընդդիմադիր փոքրամասնութեան համար, տեսանելի էր այն փաստը, որ մեր պարտութիւնը տրամաբանականօրէն անխուսափելի էր: Մենք գործ ունէինք թշնամիի մը հետ, որ ի տարբերութիւն մեզի, տասնամեակներով լծուած էր ռազմական ճանապարհով իր վրէժը լուծելու, որուն դէմ մենք անտարբեր գտնուած էինք, կամ մեր իրարայաջորդ իշխանութիւնները պարտադրուած էին անտարբեր մնալու: Աւելին՝ Ատրպէյճան զինուած էր ոչ միայն ռուսական սպառազինութեամբ, այլ՝ թրքական եւ իսրայէլեան ամէնէն արդիականներով: Մեզի դէմ էին Ատրպէյճանի ժողովրդագրական առաւելութիւնը, թրքական յատուկ ջոկատայինները, իսլամական արմատական զինեալներու ջոկատները եւ ռուսական լուռ մեղսակցութիւնը: Մեզի դէմ էր նաեւ ոչ միայն համայն աշխարհի անտարբերութիւնը, այլ՝ Ատրպէյճանի հողային անբողջականութեան անոնց ճանաչումը: Արցախի Հանրապետութիւնը ոչ մէկ երկիր կը ճանչնար ոչ ալ պատրաստ էր ճանչնալու:

Մենք պէտք էր որ պէտք է գիտակցէինք, թէ Արցախի 12,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին վրայ միայն 150,000 ժողովուրդով (1 քառ. քիլոմեթրի վրայ 12 հոգի), երկրամաս չի պահուիր, թէ հողին վրայ ապրելով միայն կարելի է զայն պահել: Պէտք է գիտակցինք, որ ինչպէս արեւմտեան Հայաստանի հողերը, զորս կորսնցուցած ենք եւ իրատեսական չէ անոնց՝ Հայաստանի միացումը, երբ չենք կրցած բարգաւաճ դարձնել մեր անգամ այս փոքր ածուն, ուրկէ մինչեւ այսօր արտագաղթը կը շարունակուի, նոյնպէս Արցախը վերադարձնելը գրեթէ անկարելի գործ է: Պէտք է գիտակցինք այժմ որ Հայաստանն ալ կրնանք կորսնցնել, եթէ շարունակենք նոյն ընթացքը:

Այո՛, պէտք է հետեւինք վերեւը նշուած, պարտուած, իսկ ներկայիս զարգացած երկիրներու օրինակին: Դառնանք դէպի երկրի ներսը: Մեր տարածքը ամէն գնով պաշտպանելու մարտավարութեան, որուն համար պարտադիր է ազգովին լծուիլ զայն ամրակուռ բերդի վերածելու, պաշտպանական հզօրագոյն զէնքերով: Ձեռնարկել երկրի տնտեսութիւնը ուղղահայեաց՝ թռիչքաձեւ զարգացնելու միջոցներու փնտռտուքին: Այս է մեր երբեմնի մեծ երկրէն մեզի մնացածը եւ պէտք է պահենք զայն: Նահանջելու տեղ չունինք այլեւս:

Բարեբախտաբար, իշխանութիւնները, հակառակ բազմաթիւ խարխափումներու եւ թերութիւններուն, այդ քաղաքականութիւնը որդեգրած են: Ականատես ենք բոլոր ոլորտներուն մէջ երբեմն հսկայական աշխատանքներու, դիւանագիտական ոլորտին մէջ բաւական աշխուժութեան, ներկայ եւ անցեալի սխալներէն սորվելու ճիգին:

Փտածութեան եւ կաշառակերութեան ազգակործան ախտին դէմ թէեւ ոչ բաւարար, սակայն, դրական պայքարին: Երկիրը կարծես մտած է վերակառուցման փուլին մէջ, ուր ամէն կողմ տեսանելի են ճանապարհներու նորոգում եւ կառուցում: Կայ կրթական մակարդակը բարելաւելու, բարձրացնելու միջոցներու փնտռտուքը, կա՛յ երկրի զարգացման կամքը: Անհրաժեշտ է շինիչ քննադատութեան շարունակութիւնը, միա՛յն շինիչ, սակայն պէտք է նաեւ ընդունիլ տեսնել եւ գնահատել այն ամէն ինչը, որ դրական է: Այդպէս կարելի է պետութիւնը ամրապնդել:

Երկրի աւելի արագ զարգացման համար կը մնայ խոչընդոտ մը: Արտագաղթի եւ կրթական անփառունակ մակարդակի պատճառած, արտասահմանեան չափանիշներով մասնագէտներու պակասը: Իշխանութիւնները անպայման պէտք է գտնեն ճարը զանոնք արտերկրէն հայրենիք հրաւիրելու համար, թերեւս արժանիները արտերկրի աշխատավարձերու չափանիշներով վարձատրելով…։

ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930