7-էն 22 Նոյեմբեր օրերուն վրայ կ՛երկարի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ենթաբաժանումին, այսինքն՝ «Եունեսքօ»-ի 42-րդ ժողովը։ Մի՜ գայթակղիք. Ատրպէյճանին վստահուած է կրթութիւն մշակող, գիտութիւն պրպտող ե՛ւ․․․ մշակոյթ պաշտպանող այս կազմակերպութեան այժմու համագումարին փոխ նախագահութիւնը։
Հայրենի իրադարձութիւններուն ուշի-ուշով հետեւող հայորդին գիտէ, որ Արցախի անկումէն (այո՛, միայն անկումէն) ետք, «Եունեսքօ»-ն ինչպիսի՞ պատուիրակութիւն մը ղրկեց բռնագրաւեալ շրջան, եւ առանց երկար-բարակ քննութիւններու՝ հապճեպօրէն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ հայկական ոչ մէկ կոթող փճացուած, ո՛չ մէկ վանք, եկեղեցի կամ նոյնիսկ մատուռ սրբապղծուած է։
Ինչո՞ւ այս շլութիւնը, կուրութի՛ւնը: Պատասխա՞նը.կարելի մանրամասն պրպտումներ կատարել եւ մէկ առ մէկ տեղեկանալ, թէ… ի՞նչ գումարներ մտած են «Եունեսքօ»-ի դրօշը կրող ինքնաշարժներուն մէջ բազմած ներկայացուցիչներուն գրպանը:
Ատրպէյճան երկար տարիներէ ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տանի «Եունեսքօ»-էն ներս եւ շնորհիւ իր նիւթական եւ (ան)բարոյական աջակցութեան՝ կրցած է իրեն հանդէպ համակրանք ստեղծել։
Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն առաջ իսկ, Ատրպէյճանի փոխ-նախագահը՝ նախագահին կողակից Մեհրիպան Ալիեւան սկսած էր սիրաբանիլ «Եունեսքօ»-ին հետ։ Չենք ուզեր երկար կանգ առնել նախագահ-փոխնախագահ այս եզակի կացութեան առջեւ, որ կը մերկացնէ երկրին ժողովրդավարութեան մակարդակը: Աւելի՛ն, Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարը ընտրուած էր «Եունեսքօ»-ի համաշխարհային ժառանգութեան գործադիր կոմիտէի նախագահ, իսկ 2019-ին միջազգային համագումարներ կազմակերպուած էին Պաքուի մէջ։
Ծիծաղելին, ողբերգակա՛նը նաեւ այլ տեղ է. Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, այս համագումարին խօսք առնելով, յայտնած է, թէ Հայաստան կ՛աջակցի «Եունեսքօ»-ի նման կազմակերպութեան ջանքերուն՝ խթանելու խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթը, որ խարսխուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման վրայ: Միրզոյեան եւս յուշակորոյս է, որովհետեւ չի տեսներ, որ Ատրպէյճան չի գիտեր թէ ի՞նչ կը նշանակեն խաղաղութիւն, մշակոյթ, մարդու իրաւունք…
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: