Աղքատներու Համաշխարհային եօթներորդ օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կէսօրուան ճաշը կիսեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Սուրբ Աթոռի Բարեգործութեան ծառայութեան վերատեսչութեան կողմէ հիւրընկալուած 1.250 կարիքաւորներուն հետ։ Ճաշը նուիրուած է Իտալիայի Hilton Hotels-ի կողմէ:
Ճաշին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը սեղանը օրհնելով հրաւիրեց ներկաները միասին աղօթելու որպէսզի «Տէրը մեզ օրհնէ, օրհնէ կերակուրը եւ օրհնէ նաեւ այս բարեկամութեան պահը, բոլորս միասին, ու նաեւ մեզի ընկերանայ կեանքին մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը ապա աղօթեց. Տէրը օրհնէ մեզ բոլորս, օրհնէ այս կերակուրը, օրհնէ անոնք որոնք պատրաստեցին զայն, օրհնէ անոնք որոնք մեզ կ՛օգնեն մեր կեանքին մէջ, որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ, յանուն հօր եւ որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում