Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ հայրենասիրութիւն յղացքին նոր սահմանում կատարեց: Կեդրոնացաւ հայրենիք-պետութիւն նոյնացումի տեսութեան վրայ: Մանրամասնեց` ըսելով. «Հայրենիքը պետութիւնն է, կը սիրես հայրենիքդ` հզօրացո՛ւր պետութիւնը, եղի՛ր օրինապահ եւ վճարէ` հարկերդ»:
Պետութիւնը պարզ է, որ ազգի մը կազմակերպուածութեան բարձրագոյն մակարդակն է. համակարգ է, որուն կը ձգտի ամէն ազգ գերիշխան եւ ազատ ապրելու համար իր հայրենիքին մէջ: Հայրենիքը սակայն, մեր նման ժողովուրդներուն համար, այն սահմանափակ հասկացողութիւնը չէ, ուր պետութիւնը կը գործէ: Հայրենազրկուած ժողովուրդներուն համար հայրենիք հասկացողութեան մաս կը կազմեն նաեւ բռնագրաւեալ տարածքները: Այսօր Հայկական բարձրաւանդակին վրայ չունինք հայկական պետութիւն, Արեւմտահայաստանը հայրենիք է սակայն: Ըստ էութեան 20 սեպտեմբերէն ի վեր չունինք նաեւ պետութիւն Արցախի մէջ, սակայն Արցախը չի դադրիր հայրենիք դաւանուելէ:
Պարզ է, որ այո՛, հայրենասիրութիւն է պետութեան հզօրացման նպաստելը, օրէնքը յարգելն ու հարկեր վճարելը: Բայց միայն այս օրինակներով սահմանելը հայրենասիրութիւնը որոշ վարքագիծ մը կը նախանշէ: Այստեղ կը շրջանցուին ազգային ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւորագոյն հրատապ խնդիրներ, եւ հայրենասիրութեան յղացքը կը սահմանափակուի հարկ վճարելով կամ օրէնք յարգելով:
Այս շրջանցումը շատ արագ կը հասնի այն կէտին, ուր փորձ կը կատարուի հակադրելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի շահերը: «Առնուազն 1996-էն ի վեր Ղարաբաղի հարց այլեւս գոյութիւն չէ ունեցած, գոյութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարց»: Այս հաստատումին միտք բանին այն է, որ նախորդ իշխանութիւններու արցախեան քաղաքականութիւնը վտանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը: Հիմա, Արցախի հարցէն ձերբազատումով հիմը կը դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան պահպանման եւ զարգացման:
Կարդացեք նաև
Այսպէս կը բացատրուի պետական հայրենասիրութիւնը, որ կը հակադրուի իր եզրաբանութեամբ` ծայրագաւառային հայրենասիրութեան: Ծայրագաւառային հայրենասիրութիւնն է, այս տրամաբանութեամբ, որ վտանգած է հայոց պետականութեան կայացումը եւ խնդրոյ առարկայ դարձուցած անոր ինքնիշխանութիւնը:
Ինքնահարցադրումով պետական պիւտճէի ցուցանիշերը արցախեան այսօրուան իրավիճակին հակադրելով, Փաշինեան շատ բացայայտ ըսել կ՛ուզէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պիւտճէի ցուցանիշեր ապահովելը աւելի առաջնային խնդիր է, քան Արցախը հայկական պահելը:
Ըստ էութեան տէրպետրոսեանական վարքագիծի վերադարձն է արձանագրուածը: Զարգանալ զիջելով: Ամբողջ խնդիրը այն է, որ այս վարքագիծը օրին կանգնեցուցին հասարակութիւնն ու ուժայինները պահանջելով նախագահի հրաժարականը: Խոր ճգնաժամը այն է, որ այժմ ոչ միայն ուժային համակարգը անհանգստութիւն ցոյց չի տար պետական մակարդակի զիջողականութեան, այլ չի խմորուիր նաեւ հասարակութիւնը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» թերթի այս համարում