Ինչպէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու Ելեւմտական հարցերու յաճախորդներու պաշտպանութեան գրասենեակը 8 Նոյեմբերին վճռեց, որ Citigroup դրամատունը դիտումնաւոր կերպով խտրական կեցուածք ցուցաբերած է ամերիկահայերու դէմ, երբ անոնք դրամատունէն պարտաքարտեր (credit cards) ստանալու համար դիմումներ կատարած են։ Իբրեւ պատիժ՝ գրասենեակը կը պահանջէ դրամատունէն, որ 25.9 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ հայ յաճախորդներուն։
Առնուազն 2015էն ի վեր գործադրուող հակահայ այս արարքներուն դէմ, Արա Ճապաղջուրեանի իրաւաբանական գրասենեակը 10 Նոյեմբերին, հայ յաճախորդներուն վնասուց հատուցում ապահովելու, նման արարքներու կրկնութիւնը արգիլող յստակ քայլերու որդեգրելու պահանջով խմբային դատ մը բացաւ դաշնակցային ատեանի մը մէջ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: