Vaticannews. «Խաղաղութիւնը կը պահանջէ բոլորին ներդրումը: Անհրաժեշտ է ունենալ մեծ համառութիւն եւ համոզմունք առ այն, որ ճակատագիրը խաղաղութիւնն է, ոչ թէ պատերազմը կամ անարդարութիւնը»: Այս մասին յայտարարեց Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի (CEI) նախագահ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին ՝ իտալացի եպիսկոպոսներու 78րդ արտահերթ Ընդհանուր Ժողովի բացումի ընթացքին, որ մեկնարկեց երեկ՝ 13 նոյեմբերին Ասսիզի քաղաքին մէջ եւ պիտի աւարտի առաջիկայ հինգշաբթի՝ 16 նոյեմբերին:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վտանգուած է փոքր քրիստոնէական աշխարհի գոյութիւնը
Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոսի միտքը ապա կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղին վրայ։ 2023 թուականի սեպտեմբերին «Լեռնային Ղարաբաղի հայկական անկլավը գրաւուեցաւ ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ» եւ պատճառ դարձաւ «այդ հողէն հայերու ողբերգական արտագաղթին, ուր վառ են անցեալ դարուն կրած ցաւերու յիշողութիւնը»։ «Այդքան հինաւուրց փոքրիկ քրիստոնէական աշխարհը կը վերջանայ», յարեց Կարդինալ Ծուփփին եւ ընդգծեց. «Մենք անտարբեր չենք ու կը զգանք տառապանքի վէրքը եւ բանակցային լուծումի ձախողումը»:
Նշենք թէ CEI-ի Նախագահը «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մտահոգիչ բռնութիւններուն» անդրադարձած էր նաեւ ընթացիկ տարուայ սեպտեմբերի վերջին՝ Եպիսկոպոսաց մշտական խորհուրդի աշնանային նստաշրջանի բացումի ատեն իր ելոյթի մէջ։
Կարդացեք նաև
Մարիամ ԵՐԵՄԵԱՆ
Վատիկան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: