«Եռագոյն». 2022 թուականի ամրան Caucasus Heritage Watch-ը արձանագրած էր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ անցած Հադրութի շրջանի Մոխրենէս գիւղի գրեթէ ամբողջական աւերումը։ Հիմնովին աւերուած կառոյցներուն մէջ էր նաեւ Մոխրենէսի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած էր 18-19-րդ դարերուն։
Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ ազրպէյճանը պարտաւոր է պաշտպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ կանխել Մոխրենէսի մէջ հայկական դարաւոր մշակութային եւ կրօնական կեանքը ջնջելու ցանկացած փորձ։
«2022 թուականին եկեղեցւոյ աւերումը Միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբերի միջանկեալ միջոցի առաջին փաստագրուած խախտումն է»,- ըսուած է կազմակերպութեան հրապարակման մէջ: Ըստ Caucasus Heritage Watch-ի՝ հարց կ՝առաջանայ՝ ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը իր վճիռներու խախտումներուն եւ զանոնք քողարկելու փորձերուն:
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: