«Վիգէնի կեանքը մազի թելէ կախուած է»,-այս մասին «Արեւելք»-ին յայտնեց Վիգէնի կինը՝ Լինտա Իւլճէքեանը։
Ան նաեւ նշեց, որ Վիգէնի առողջական վիճակը կտրուկ վատացած էր, լսելէ ետք իր մօր մահուան լուրը։
Լինտա նաեւ նշեց, որ վերջին շրջանին շատ հազուագիտ կերպով կը կապուին Վիգէնին հետ, ու այդ կապերուն ընթացքին բացայայտ կը դառնայ, որ Վիգէն կը տառապի առողջական լուրջ խնդիրներով ու հարկաւոր է զինք վայրկեան առաջ ազատել Պաքուի բանտերէն։
Նշենք, որ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն օրեր անց Վիգէն եւ անոր բարեկամուհին ՝ Մարալը գերի առնուած էին Ատրպէյճանի կողմէ։
Մինչ Մարալ ազատ արձակուած ու վերադարձուած էր Լիբանան, անդին Վիգէնին դէմ հրապարակուած էր 20 տարուան բանտարկութեան պատիժ։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: