Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արցախի գրաւեալ տարածքներում Ատրպէյճանի «Մեծ վերադարձ» ծրագիրը դրամ լուալու միջոց մըն է. «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 13,2023 10:41

Արցախի հայաթափումէն ետք ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ մշակուած «Մեծ վերադարձ» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ մինչեւ 2026 շուրջ չորս հարիւր հազար ատրպէյճանցի վերաբնակեցնել արցախեան գրաւեալ տարածքներու մէջ, խորքին մէջ փտածութեան եւ դրամ լուալու միջոց մըն է, փտածութեան եւ կաշառակերութեան խոր արմատներ ունեցող Ալիեւի վարչակարգին համար։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք եւրոպական բազմաթիւ կառոյցներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կարծիքով փտածութեան եւ կաշառակերութեան բազմաթիւ գայթակղութիւններու մէջ մխրճուած են, ոչ մէկ առիթ կը փախցնեն դրամ լուալու իրենց կանոնաւոր աշխատանքները կատարելու համար եւ Արցախի գրաւեալ տարածքներու համար նախատեսուած վերաբնակեցման ծրագիրը բացառութիւն մը չի կազմեր, որովհետեւ այս նախագիծը մեծ շահեր եւ փտածութեան մեծ վտանգներ ունեցող պետական մակարդակով մշակուած ծրագիր մըն է, որուն միջոցով Ալիեւի եւ անոր անմիջական շրջապատին մէջ գործող անձերու կողմէ միլիառաւոր տոլարներ պիտի գրպանուին։

Աշխատանքային ծրագիրը շատ պարզ է։ Առաջին հերթին ծանուցել խելացի գիւղերու կառուցման  եւ գիւղատնտեսական փայլուն ապագայ ունեցող նախագիծերու մասին, որոնք կը ներկայացուին իբրեւ ատրպէյճանցիներու բարեկեցութեան եւ հանգստաւէտ կեանքի ապահովման պետական ծրագրեր։

Սակայն խնդիրը այն է, որ քանդուած բնակարաններու եւ ամբողջութեամբ աւերակներու վերածուած գիւղերու մէջ շինարարական աշխատանքներ կատարելու հրաւիրուած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Ալիեւի եւ Էրտողանի մերձաւորներ, որոնց ընկերութիւնները շահած են իբրեւ թէ խելացի գիւղեր եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներու գերարդիական կարելիութիւններ ունեցող գիւղական համայնքներ կառուցելու իրաւունքը։ Այս անձնաւորութիւններէն մին է Էրտողանի զարմուհիներէն մէկուն ամուսինը՝ Ապտիւլքատիր Գարակէօզը, որուն ընկերութիւնը շահած է հարիւր միլիոն տոլար արժողութեամբ խելացի գիւղերու խումբի մը կառուցման իրաւունքը։ Իսկ ամէնէն ծիծաղելին այն է, որ թրքական այս ընկերութեան ատրպէյճանական կողմի գործակիցը «Փաշա Հոլտինկ»-ն է, որ կը պատկանի Իլհամ Ալիեւի կնոջ՝ Ատրպէյճանի փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի ընտանիքին։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930