Վերջին տարիներուն, Ազրպէյճան նոյնինքն պատերազմներու եւ ճակատումներու պահուն, ու անոնցմէ ետք, հետեւողականօրէն ցոյց տուած է, թէ միջազգային օրէնքներ ու մարդկային նկատառումներ չունին իր ոճրային տրամաբանութեան հետ, աւելի՛ն, պատրաստ չէ յարգելու որեւէ համաձայնագիր կամ պայման, որուն տակ կը դնէ իր ստորագրութիւնը: Ուրեմն, գերիներու հարցը իրեն համար մանր դրամի մը արժէքն իսկ չունի: Ողբերգութեան մէկ ահաւոր երեսն ալ այն է, որ Ատրպէյճանի այս վարքագիծը ոչինչ կ’ըսէ «բաղրամեանցիներուն», որոնք կը շարունակեն վազել խաղաղութեան կրկներեւոյթի մը ետեւէն, եւ ազգն ալ վարակել այդ անիրականալի իրականութեամբ:
Ինչ որ տեսանելի է եւ վէճի նիւթ չի կրնար ըլլալ, այն է, որ ղեկը իւրացնողները ո՛չ միայն կը թերանան, այլ հագած են անփութութեան եւ թշնամիին հաճոյանալու գեղեցկագոյն պատմուճանները, իսկ անդին, նախկին նախագահներ եւ պատասխանատուներ, հարիւրաւոր գերիներ կը մնան արգելափակուած, անմեղ տարեց մըն ալ 15 տարի բանտարկութեան վճիռ կը ստանայ, ինչ որ ուրախանալու ո՛չ մէկ նշոյլ կը բերէ:
…Ու մեր ժողովուրդը ինքզինք նետած է անտարբերութեան ալիքներու մէջ, կը հաշտուի իշխանաւորներու բոլոր այլանդակութիւններուն եւ ազգավնաս, հայրենավնաս քայլերուն հետ, որոնք պետութիւնը ենթակայ կը դարձնեն մաս-մաս բնաջնջուելու վտանգներու:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: