Թուրքիոյ նախագահը վերստին արծարծած է թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին նախապայմանը ուղղուած հայկական կողմին: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը նախ ուղղութիւն կը փոխէ, յետոյ` գրաւչութիւն, ապա կը մեկնաբանուի Հայաստանի շրջանցումով, յետոյ վերստին կը սպրդի յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ, կը վերածուի Նախիջեւան-Ազրպէյճան հաղորդուղիի, կը կորսուի յանկարծ ընդհանուր ապաշրջափակման ոլորապտոյտներուն մէջ, հիմա ալ Ուզպէքիստանի մէջ Թուրքիոյ նախագահին ճամբով կը վերածուի խաղաղութեան հաստատման նախապայմանի, իբրեւ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող փոխադրական գիծ, Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք կամուրջի տարազին տակ:
Փաստօրէն թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը չէ հրաժարած թուրանական կամուրջի իր ծրագիրէն: Կամուրջ ոչ միայն Իրանի ճամբով, այլ` Հայաստանի: Նախապայմանային քաղաքականութեան արդի հանգոյցն է Սիւնիքը, որուն օգտագործումը թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի համար հրամայական է:
Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապելու այս նոր առաջադրանքով Անգարան կը հրաւիրէ երկու տարածաշրջաններու ուժերը համաձայնելու Զանգեզուրի կամուրջը բանալու սկզբունքին շուրջ: Խուսանաւումը օգտագործուած եզրերով ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի մասին կը խօսի, մինչ միջանցք բառը կ՛օգտագործէ Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք ցամաքային նոր բացուելիք ճանապարհներուն համար:
Կ՛արձանագրուի ուրեմն այն, որ Արցախի հարցին լուծումէն ետք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը կեդրոնանայ Սիւնիքին վրայ, առաջադրուած միջանցքը գործարկելու եւ անոր համար միջտարածաշրջանային ճնշում ապահովելու:
Կարդացեք նաև
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: