ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Ելեւմտական հարցերու յաճախորդներու պաշտպանութեան գրասենեակը Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբերին վճռեց, որ Citigroup դրամատունը դիտումնաւոր կերպով խտրական կեցուածք ցուցաբերած է ամերիկահայերուն դէմ, երբ անոնք դրամատունէն պարտաքարտեր (credit cards) ստանալու համար դիմումներ կատարած են։
Իբրեւ պատիժ՝ գրասենեակը կը պահանջէ դրամատունէն, որ 25.9 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ հայ յաճախորդներուն։
Ըստ հետախուզութեան՝ դրամատան պաշտօնեաները «եան»ով (yan կամ ian) վերջացող մականուն ունցող դիմորդներուն անուններուն կողքին սովորաբար «վատ անձ» (bad guys) գրութիւնը աւելցուցած են՝ դժուարացնելով անոնց դիմումին վաւերացումը։ Այս որակումը եկած է պաշտօնեաներու այն թիւր համոզումէն, որ բոլոր հայերը կասկածելի գործարքներու մէջ են կամ մաս կը կազմեն կազմակերպուած ոճրախումբերու, կը տեղեկացնէ գրասենեակը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: