vaticannews. «Մտածենք ու աղօթենք պատերազմէ տառապող ժողովուրդներուն համար։ Չմոռնանք նահատակ Ուքրանիան ու մտածենք պաղեստինի եւ իսրայէլի ժողովուրդներուն. Թող Տէրը մեզի պարգեւ արդար խաղաղութիւնը։ Մեծ տառապանք կայ, կը տառապին մանուկները, կը տառապին հիւանդները, տարեցները ու բազմաթիւ երիտասարդներ կը մահանան։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, չմոռնանք այս մէկը, անիկա պարտութիւն է»։
Նորին Սրբութիւնը այս խօսքերը արտասանեց չորեքշաբթի 8 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած Հրապարակային Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքէն առաջ։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: