Արցախը Ատրպէյճանի բռնակցումէն ետք, ի՛նչ ճակատագրի կրնան ենթարկուիլ Արցախի պատմամշակութային կոթողներն ու Արցախի տարածքին հայկական հետքերու Ատրպէյճանի կողմէ վերացման գործընթացը կասեցնելու իրաւական քայլերուն մասին «Հորիզոն»-ի խմբագրակազմի անդամ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան հարցազրոյց ունեցաւ Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխ տնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի հետ, որուն ընթացքին ան յայտնեց. «Ատրպէյճանի հայկական յուշարձաններու վերացման կամ խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը 30 տարի է ի վեր կը շարունակուի: 1994 թուականէն ի վեր, այն տարածքներուն մէջ, որոնք մնացին Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ, հայկական յուշակոթողները ոչնչացուեցան, յատկապէս Նախիջեւանի խաչքարերու պարագային: Այսօր Ատրպէյճանը նոր հնարաւորութիւն ունի. 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ապա այժմ իր բռնագրաւած հողերուն վրայ պիտի շարունակէ հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը: Ատրպէյճանը նախ կը փորձէ հա՛յը արմատախիլ ընել, հեռացնել իր երկրէն, ապա վերացնել հայկական պատմամշակութային կոթողները»:
Այս գործընթացը կասեցնելու հարցով Քորթոշեան ըսաւ. «Առաջին հերթին, եթէ տուեալ պետութեան հետ դիւանագիտական կապեր կան, կարելի է այդ միջոցաւ պահպանել զանոնք, իսկ եթէ տուեալ երկիրը ունի հայատեաց կամ թշնամական վերաբերմունք՝ ապա պէտք է անյապաղ դիմել միջազգային ատեաններ»:
Անդրադառնալով վերոնշեալ հիմնադրամի գործունէութեան, որուն հիմնական նպատակը եղած է թէկուզ թուղթի վրայ փրկել հայկական պատմամշակութային կոթողները, ան յայտնեց. «Մեր գործունէութեան հիմնական մարտահրաւէրը այդ կոթողներուն առաջնոյ հասնիլն է, նախքան ոչնչանալը կամ վնասուիլը, ոչ միայն թշնամիին կողմէ, այլեւ, Սուրիոյ պարագային օրինակ, այնտեղ տեղի ունեցող պատերազմին հետեւանքով: Հետեւաբար մեր գործունէութիւնը հեւքոտ վազքի կը նմանի»:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: