vaticannews. Յորդանանի թագաւորութեան մէջ Քրիստոնեայ համայնքները յառաջիկայ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը պիտի տօնեն հրաժարելով Ծնունդի նախորդող տօնակատարութիւններէն՝ Պաղեստինի տարածքներու եւ Կազայի մէջ զինուորական յարձակումներու թիրախ անմեղ զոհերու յարգանքի եւ մօտիկութեան ի նշան։ Արդարեւ Սուրբ Ծնունդի տօնը պիտի նշուի առանց Ծննդեան շուկաներով, սկաուտական եւ երաժշտական շքերթներով, երաժշտական համերգներով, ինչպէս նաեւ մանուկներուն նուէրներու փոխանակումով։
Սուրբ Ծննդեան տօնի կապուած տօնակատարութիւնները ջնջելու խնդրանքը հասաւ Յորդանանին մէջ եկեղեցապետերուն խորհուրդին կողմէ։
Ամմանի Յոյն օրթոտքոսներուն առաջնորդարանին մէջ անցեալ 2 նոյեմբերին, Ամմանի թագաւորութենէն ներս եկեղեցական հասարակութիւններու եւ եկեղեցիներու պատասխանատուներուն կողմէ գումարուած ժողովէն ետք, հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը որուն մէջ կը խնդրուի, յառաջիկայ 12 նոյեմբերին, Յորդանանի բոլոր եկեղեցիներէն ներս կատարուած յատուկ դրամահաւաքը ուղարկուի Կազայի ժողովուրդին։
Վազգէն Աբարդեան
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: