vaticannews. Երկուշաբթի` 6 նոյեմբերի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած գրեթէ 7,500 մանուկներուն հետ, որոնց շարքին էին նաեւ հինգ հայ մանուկներ` Մարիա Համբարձումեան, Վիվիէն Առաքելեան, Ալեքսանտր Պօղոսեան, Անճելիքա եւ Եւա Յակոբեան։
«Մանուկները կը հանդիպին Պապին սորվինք աշխարհի մանուկներէն» բնաբանով այս հաւաքը կզազրակերպուած էր հովանաւորութեամբ Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան ու համագործակցութեամբ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան եւ Աուքզիլիում հաստատութեան, դպրոցական կառոյցներու, Իտալիոյ շոգեկառքի ընկերութեան, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան ու այլ հաստատութիւններու։
Քահանայապետի սրահ ժամանումէն առաջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին մանուկներու զանազան խումբեր ներկայացուցին երգեր ու վկայութիւններ ապա Սրբազան Պապը մուտք գործեց սրահ ու մանուկները զինք ընդունեցան ծափողջոյնով։
«Շնորհակալութիւն բոլորիդ, որ այստեղ եկած էք, ձեզի ընկերակցողներուն ու այս հանդիպումը կազմակերպիչներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ ներկաներուն ուղղած ճառին սկիզբը ապա ակնարկելով հանդիպումի բնաբանին «սորվինք մանուկներէն» նշեց` թէեւ ոմանք կարող են մտածել, որ այս բնաբանը տարօրինակ է, որովհետեւ մանուկներն են` որոնք պէտք է սորվին, բայց եւ այնպէս «մենք կարիքը ունինք ձեզմէ սորվելու» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, «մանուկներդ ինծի կը յիշեցնէք թէ որքան գեղեցիկ է կեանքը իր պարզութեան մէջ եւ որքան գեղեցիկ է իրար հետ ըլլալ։
Կարդացեք նաև
Մանուկներու կողմէ Քահանայապետին ուղղուած հարցումները բազմաթիւ ու բազմազան էին։
Կարգը եկաւ ապա Անդրանիկին` Սուրիայէն, որ հարց տուաւ ինչու պատերազմներու ժամանակ կը սպանեն մանուկները եւ ոչ մէկը զանոնք կը պաշտպանէ։ Սրբազան Պապին դէմքը լրջացաւ ու պատասխանեց «մանուկները անմեղ են, եւ աղս մէկը ցոցյ կու տայ պատերազմին դաժանութիւնը։ Պահ մը լռութիւն պահենք ի յիշատակ պատերազմներու ընթացքին սպաննուած մանուկներուն։ Պատերազմը մշտապէս դաժան է եւ անոր գինը կը վճարեն մանուկները, անմեղները։ Աղօթենք միասին մանուկներուն համար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ մանուկներու հետ միասին աղօթեց տէրունական աղօթքը։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: