Կրթական վերամուտին առթիւ, Փաշինեան այցելած է նորակառոյց կրթօճախներ, ուրկէ արձագանգներ կը լսուին, թէ վերատեսութեան ենթարկուած հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կարելի եղածին չափ մոռցուած են Արցախն ու արցախցին, իսկ հնագոյն դարաշրջաններու քարտէսներուն վրայ տեղ գտած է… Ատրպէյճանը, այդ ալ մանկավարժական ինչպիսի՜ հնարամտութեամբ: Անկէ քանի մը օր առաջ, երբ վարչապետը արդիական կազմածներով օժտուած ոստիկաններու նոր փաղանգի մը երդման արարողութեան ներկայ եղած է, հոն ալ յիշողութեան կորուստի դէպք մը արձանագրուած է. մոռցուած է երկրին պաշտպանութիւնն ու անոր բազկերակ՝ բանակը (դեռ կը սպասենք Ֆրանսայէն եւ Հնդկաստանէն մատակարարուած հրթիռներն ու ռազմամթերքը)։ Փոխան պետութեան եւ պետականութեան՝ վարչախումբի՛ն ապահովութիւնն է, որ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ։ Մոռցուած են հողն ու անոր համար պայքարած ու նահատակուած՝ Եռաբլուրի սերունդները, որոնց ընտանիքներն ալ վարկաբեկումի կ’ենթարկուին նո՛յն այդ ոստիկններուն կողմէ։
Պիտի պատահի՞ արդեօք պաշտօնական տեսակցութիւն Արցախի ղեկավարութեան հետ։ Եւ ի՞նչ ընելու համար…
Ղեկավարութիւն մը, որ վիրաւոր է եւ կարիքն ունի շտապ օժանդակութեան եւ գործակցութեան։ Արդեօք պիտի կրկնուի՞ յանկերգը, թէ Հայաստան ընելիք չունի ու Արցախի պատասխանատուները պէտք է իրենց հարցերուն (խօսքը քաղաքականին եւ մարդկայինին մասին է) լուծեն Պալքուի հետ: Այլապէս, արդէն տեսանելի է, թէ արցախցիք ինչպիսի՜ տագնապներու դէմ յանդիման են Հայաստան բռնագաղթուելէ ետք, անոնցմէ իրողապէս կը խլուի Հայաստանի հպատակի իրաւունքը…:
Այո՛, վիրաւոր է Արցախի ղեկավարութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ մոռնալ Պաքուի բանտախուցերուն մէջ գերեվարուած տասնեակ մը ղեկավարները, որոնք աւելցան նախապէս գերի տարուած հայորդիներուն վրայ։ Կարելի չէ մոռնալ նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք գերի բռնուած հայ զինուորները, որոնց թիւը կը մնայ անորոշ եւ որոնք շատո՜նց դուրս ինկած են Երեւանի հպարտ կառավարիչներուն յիշողութենէն:
Վիճելի չէ, որ Արցախէն հեռացուած շուրջ 120 հազար գաղթականներու դժնդակ կացութիւնը առաջնահերթութիւն է։ Հապա անո՞նք, որոնք Հայաստան հասած էին ու չէին վերադարձած 44-օրեայ պատերազմէն ետք…
Զարմանալի է ստեղծուած կացութիւնը։
Մոլորուած ու ձեռնածալ ենք բոլորս։
Շեշտենք՝ բոլո՛րս, այսինքն՝ ե՛ւ իշխանաւոր, ե՛ւ ընդդիմութիւն։
Եթէ այս ընթացքը շարունակուի , աւելի քան ամիսէ մը ի վեր պարպուած Արցախը կրնայ վերջնականապէս կորսուիլ: Ազերիները արդէն ոգի ի բռին գործի լծուած են հայկական հետքերու ջնջման համար։ Ո՞վ ինչի՞ կը սպասէ: Ճիշդ ու խելամիտ վերլուծումները, ախտաճանաչումները շատ լաւ են, սակայն կացութիւնը դարմանող ԳՈՐԾ չեն:
Աքսորուած արցախցիին պէտք է շուտափոյթ աքսորական կառավարութիւն (government in exile), եւ այս նպատակով աշխատանք պէտք է կատարուի անյապաղ: Ներելի չեն նմանօրինակ մոռացում, անհոգութիւն, արհամարհանք, թմրութիւն…:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում