Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Ո՞վ, ինչի՞ կը սպասէ: Ներելի չեն նմանօրինակ մոռացում, անհոգութիւն. «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 03,2023 10:56

Արցախի անկումէն շաբաթներ անց, ամէն օր նոր բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ կը տրուին ա՛յն ահաւոր, ճգնաժամային քանի մը օրերուն մասին, երբ ատրպէյճանական յարձակումը շղթայազերծուեցաւ, բուռն դիմադրութենէ ետք զինադադար յայտարարուեցաւ, պաշտպանութեան բանակը յանձնուեցաւ եւ ծայր առաւ զանգուածին գաղթը։
Արցախի նախագահը՝ Սամուէլ Շահրամանեան, բաւական մանրամասնութեամբ ներկայացուց դէպքերու ընթացքը։ Յիշատակելի է անոր մէկ հաստատումը, թէ 19 Սեպտեմբերի ատրպէյճանական յարձակումին, իրեն համար յստակ եղած է, թէ արցախցին առանձին մնացած էր։ Պաշտպանութեան բանակը, որ խիզախօրէն կը փորձէր պաշտպանել, կորով չէր կորսնցուցած, սակայն յստակ էր, թէ ռազմաճակատէն առաջ, դիւանագիտական գետնի վրայ արդէն պարտուած էինք։ Ոչ մէկ աշխատանք տարուած էր, իսկ ռուս խաղաղապահ ուժերն ալ վերածուած էին պարզ, անզօր դէտի։ Հաշիւները այդպէս կը պահանջէին, իսկ հայկական կողմի հաշուապահներն ալ այլ հաշիւներով զբաղած էին։
Պարտութեան վերջին էջը, նաեւ՝ Արցախի առանձին մնալը, չմոռնանք, սկսած էր խմբագրուիլ այն օրէն, երբ Հայաստանի վարչապետը հպա՜րտօրէն յայտարարած էր, որ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ եւ պաշտօնապէս ու վերջնականապէս ձեռքերը լուացած էր այս գործէն: Կարելի չէ մոռնալ այդ յայտարարութիւնը կանխած եւ անոր յաջորդած քաղաքական ձախաւերութիւններու ամբողջ շարանը…

Հիմա բան մը փոխուա՞ծ է: Երանի թէ: Սակայն բաց աչքերով կը տեսնենք, որ ոչինչ փոխուած է:

Վիճելի չէ, որ Արցախէն հեռացուած շուրջ 120 հազար գաղթականներու դժնդակ կացութիւնը առաջնահերթութիւն է։ Հապա անո՞նք, որոնք Հայաստան հասած էին ու չէին վերադարձած 44-օրեայ պատերազմէն ետք…
Զարմանալի է ստեղծուած կացութիւնը։

Մոլորուած ու ձեռնածալ ենք բոլորս։
Շեշտենք՝ բոլո՛րս, այսինքն՝ ե՛ւ իշխանաւոր, ե՛ւ ընդդիմութիւն։
Եթէ այս ընթացքը շարունակուի , աւելի քան ամիսէ մը ի վեր պարպուած Արցախը կրնայ վերջնականապէս կորսուիլ: Ազերիները արդէն ոգի ի բռին գործի լծուած են հայկական հետքերու ջնջման համար։ Ո՞վ ինչի՞ կը սպասէ: Ճիշդ ու խելամիտ վերլուծումները, ախտաճանաչումները շատ լաւ են, սակայն կացութիւնը դարմանող ԳՈՐԾ չեն:

Աքսորուած արցախցիին պէտք է շուտափոյթ աքսորական կառավարութիւն (government in exile), եւ այս նպատակով աշխատանք պէտք է կատարուի անյապաղ: Ներելի չեն նմանօրինակ մոռացում, անհոգութիւն, արհամարհանք, թմրութիւն…:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930