Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արեւմտեան Ատրպէյճան անուանումը խորքին մէջ ականապատուած դաշտ մըն է․ «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 28,2023 09:30

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք շրջանառութեան մէջ դրուած՝ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի գաղափարը վերջերս Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ քննարկումներու առարկայ դարձաւ։ Գաղափար մը, որ ամբողջութեամբ կառուցուած է պատմութեան նենգափոխութեան եւ ատրպէյճանական քարոզչական մեքենային յօրինումներուն վրայ, թէ Հայաստանի տարածքը խորքին մէջ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» է եւ տեղւոյն բնակչութիւնը վտարուած ըլլալով հայ հրոսակախումբերու կողմէ, պէտք է իր հայրենիքը վերադառնայ։ Այս գաղափարին իբրեւ յենարան կը ներկայացուի «մեծ վերադարձ» ծրագրին մանրամասնութիւնները, թէ մինչեւ 2026 աւելի քան չորս հարիւր հազար ատրպէյճանցիներ իրենց հայրենիքը պիտի վերադառնան՝ վերաբնակեցման ծրագրերու թոհուբոհին մէջ միջազգային հանրութիւնը եւ հանրային կարծիքը խաբելով։ Խորքը այս ծրագրին յստակ է եւ Ատրպէյճանի մէջ մերթ ընդ մերթ կը խօսուի անոր մասին։ Իսկ ռահվիրան դարձեալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն է, որ առիթ չի փախցներ ներքին լսարանի դիմաց արտասանած իր խօսքերուն եւ ռազմակոչ ճառերուն մէջ Հայաստանը «արեւմտեան ատրպէյճան» ներկայացնելով։

Արեւմտեան Ատրպէյճան անուանումը խորքին մէջ ականապատուած դաշտ մըն է, որ առաջին հերթին կը ջանայ ականահարել եւ պայթեցնել Եւրոպական Արժէքներու Համակարգը, ատրպէյճանցիները եւրոպացիներուն ներկայացնելով «զոհ»եր, որոնք ստիպողաբար «հեռացած» են իրենց հայրենիքէն, որ կը գտնուի այսօրուան Հայաստանի տարածքներուն վրայ։ Գաղափար մըն է ասիկա, որ եւրոպացիները խաբելու ծառայելով, նաեւ կը նպատակադրէ ընդհանուր իրավիճակը վերադարձնել Առաջին Համաշխարհային պատերազմին օրերուն, թէ հայ հրոսակախումբեր, որոնք խորքին մէջ Հայաստանի կանոնաւոր բանակային ուժերն են, բռնագաղթած եւ ջարդած են տեղւոյն՝ ատրպէյճանական «հասկացողութեամբ» Հայաստանի տարածքներուն, այսինքն «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մէջ ապրող «բնիկ» ատրպէյճանցիները։ Ասիկա բացառիկ ցուցանմուշ մըն է ատրպէյճանական պետական քարոզչական մեքենային կողմէ կատարուած նենգափոխումներուն,որոնց թիրախը պատմութիւնն է եւ այն ամէն ինչը, որ կը վերաբերի Հայաստանի առաջին անկախութեան հռչակման կապուած իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031