Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արցախի Հանրապետութիւնը առ այժմ չկայ, սակայն ԼՂ ինքնավար մարզը գոյութիւն ունի, այնպէս ինչպէս Նախիջեւանի ինքնավար մարզը. «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 23,2023 11:18

Արցախի Ազատ Անկախ Հանրապետութիւնը առ այժմ չկայ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը իրողապէս գոյութիւն ունի, այնպէս ինչպէս Նախիջեւանի Ինքնավար Մարզը: Կը մնայ Արցախի կարգավիճակին հարցը՝ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդ օրը եւ ցարդ՝ Նախիջեւանը կը մնայ նոյն կարգավիճակին մէջ: Բայց Արցախը՝ ոչ: Ինչո՞ւ: Քանի որ, ըստ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հրապարակային վկայութեան՝ Արցախի հարցը հիմնականին մէջ, ցեղային զտումով սկսաւ:

Այս բոլորը քանիցս գրուած ու բացատրուած են, սակայն հայկական կողմը ո՛չ նպատակ ունէր, ո՛չ ալ դիւանագիտութիւնը՝ օգտագործելու նախագահ Փութինի շատ դրական այս կեցուածքը, իբրեւ հզօր խաղաքարտ, քանի որ Հայաստան եւ սփիւռքէն մաս մը մխրճուած էին եւ են ամերիկեան անպէտ, անօգուտ ու անհեռատես՝ հակառուս քարոզչութեան եւ ծառայութեան մէջ: Քանիցս ըսուած է ու կը կրկնեմ, թէ որո՞նց հետ կը դաշնակցինք՝ ՃԱՇԱԿԻ ՀԱՐՑ ՉԷ: Մեր բնական դաշնակիցները Ռուսիան եւ Իրանն են, որոնց դէմ այս իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրաւ՝ խրտչեցնելու զանոնք: Մենք աւելի՛ պէտք ունինք անոնց:

Հայաստանը ի՛նք Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է: Այս մասին «Վալտայ» ակումբին մէջ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Անոր համաձայն, 2022 թուականի աշնան Փրակայի մէջ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու հովանիին տակ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին ալ ստորագրուած է յայտարարութիւն, որով Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է:

«Աւելի՛ն, պատուիրակութիւններու ղեկավարները, Հայաստանի ղեկավարները, ուղղակիօրէն քառակուսի քիլոմեթրով նշած են Ազրպէյճանի տարածքը, որ, ի հարկէ, կը ներառէ Ղարաբաղը: Անոնք նաեւ ընդգծած են, որ կը ճանչնան Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը ժամանակին Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ներառուած Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան ծիրին մէջ: Եւ, ինչպէս յայտնի է, Ղարաբաղը նոյնպէս եղած է Ատրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմին մէջ: Այսինքն, ըստ էութեան, լուծուած է գլխաւոր առանցքային հարցը, որ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցն էր»,- նշած է Փութին:

Փութին նաեւ աւելցուցած է, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու քայլին անխուսափելի հետեւանքն էր:

«Այս ամէնը անխուսափելի էր Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչումէն ետք: Միայն ժամանակի հարց էր, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը այնտեղ սահմանադրական կարգ պիտի հաստատէր` իր պետութեան սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ»,- ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Երբ Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անկախութիւնը, ոչ ոք ճանչցաւ այդ անկախութիւնը, ո՛չ Հայաստանը, ինչ որ, անկեղծօրէն, ինծի համար տարօրինակ է: Բայց եւ այնպէս, այդպիսի որոշում տրուած է: Անոնք չճանչցան Ղարաբաղի անկախութիւնը»,- նշած է Փութին:

Իրաւացի հարցում մը դաւաճան Փաշինեանին. արդեօք ինք անձա՞մբ՝ չափերիզո՞վ չափած է Ազրպէյճանի տարածքը… Արդեօք Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան, քարտիսագրութեան ուսումնասիրութեան՝ Բ. Յարութիւնեանի անուան Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտիսագրութեան լապորատորիա՝ տարրալուծարանին կարծիքը առա՞ծ է… Ո՛չ, չէ՛ առած, այնպէս՝ ինչպէս իր կատարած հարիւրաւոր այլ սխալ եւ ազգակործան որոշումներուն պարագային, ուր երբե՛ք չէ՛ առած Հայաստանի պատկան գիտական, պատմական եւ մասնագիտական հաստատութիւններուն կարծիքը, այլ՝ մի՛այն իր արտաքին պատուիրատուներուն որոշումները կատարած:

ԱՅՍ ՀԱՐՑԸ ՀՈՍ ՉԻ ՎԵՐՋԱՆԱՐ ԵՒ ՊԻՏԻ ՉՎԵՐՋԱՆԱՅ: Ո՞ւր են Հայաստանի սահմանադրութեան պահապանները, բարձրագոյն ատեանները… Ամէն ինչ փճացա՞ծ է: Ազգին շահերը պաշտպանողներ չե՞ն մնացած Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031