Շաբաթ 21 Հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունեցաւ պաշտօնական շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին էր նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանի հետ հանդիպումը։
Տիար Կարեն Նազարեանի Քահանայապետին հետ հանդիպումը հրաժեշտի հանդիպում էր, տրուած ըլլալով որ այս օրերուն կը լրանայ անոր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։
Կարեն Նազարեան Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած էր 2018-ի դեկտեմբերին նստավայր ունենալով Վատիկանի մէջ: Ան ծնած է 1966թ. Երևանի մէջ։ Աւարտած է Երևանի Պետական Համալսարանը և Մոսկուայի դիւանագիտական ակադեմիան: Մասնագիտութեամբ արևելագէտ է, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ:
Դիւանագիտական գործունէութեան ծիրէն ներս՝ Կարեն Նազարեան ստանձնած է տարբեր պաշտօններ ու ծառայած զանազան կառոյցներու մէջ` ի շարս որոնք ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ, Ռուսիոյ Դաշնութեան ՀՀ դեսպանութեան մէջ, եղած է ՀՀ ԱԳՆ քարտուղարութեան պետ ապա ՄԱԿ-ի Ժընևի գրասենեակի և միջազգային այլ կառոյցներու ՀՀ դեսպան ու մշտական ներկայացուցիչ։
Կարդացեք նաև
Յայտնենք, որ անցեալ 14 Հոկտեմբերին Տիար Կարեն Նազարեանը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով։ Հոգեւոր Տէրը այդ առիթով բարձր գնահատեց դեսպանին տարիներու աշխատանքը, երկու պետութիւններու միջեւ, ի սպաս հայ ժողովուրդի եւ հայկական պետականութեան։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում