Ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ մշակուած համարկման ծրագիրը, որուն կապակցաբար Պաքուի իշխանութիւնները Արցախի հայաթափումէն առաջ ակնարկութիւններ կատարեցին եւ յայտարարեցին անոր մանրամասնութիւնները, խորքին մէջ, ինչպէս հաստատեց ատրպէյճանցի նախկին քաղաքական բանտարկեալ, քաղաքական մեկնաբան Արիֆ Եունուսով, մշակուած ու պատրաստուած է Արեւմուտքը խաբելու համար, որովհետեւ անմարդաբնակ Արցախ մը ուզող Ալիեւի համար արցախահայերու համարկման ծրագիր մը այդպէս ալ անգործադրելի նախագիծ մը մնալու դատապարտուած է։
Համարկում ատրպէյճանական հասարակութեան, պետական կառոյցներուն եւ պետութեան հաստատութիւններուն։ Ծրագիր մը, որ առաջին ակնարկով կը թուի, թէ անմեղ է եւ կը միտի Արցախի ժողովուրդը առաջնորդել եւ համարկել, որպէսզի ատրպէյճանական իշխանութեան ներքոյ արցախցիները շարունակեն իրենց հասարակական, կրթական, մշակութային եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական կեանքը, որ պիտի կառավարուի եւ տնօրինուի ըստ ատրպէյճանական կանոններուն եւ օրէնքներուն, որոնք ամրագրուած են Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ։ Ասիկա բնականաբար կը նշանակէ, որ Արցախի ժողովուրդը համարկման հոլովոյթին ամբողջացումէն ետք պիտի վերածուի ատրպէյճանական հասարակութեան մէկ մասնիկին։ Համարկման պատմութիւնը արդէն իսկ թուղթի վրայ մնացած է, որովհետեւ անոր գործադրութենէն առաջ ատրպէյճանցիք իրականացուցին իրենց բազմամեայ ծրագիրը եւ Արցախը հայաթափեցին՝ անոր բնիկ ժողովուրդը բռնագաղթելով։ Իսկ ամբողջ միջազգային ընտանիքը, որ Արցախի ամբողջական պաշարման ինը ամիսներուն միայն ու միայն բաւականացաւ կոչերով եւ յայտարարութիւններով, ձեռնածալ դիտեց ամբողջ ժողովուրդի մը բռնագաղթումը, իսկ Մ.Ա.Կ.-ի առաքելութիւնն ալ Արցախ հասաւ այն պահուն, երբ արդէն ժողովուրդ չկար հոն։
Ատրպէյճանական համարկման ծրագրին էութիւնը խորքին մէջ արցախցիներու տեղահանութեան արդէն իսկ իրականացած նախագիծն էր։ Ասիկա աւելի քան յստակ կը դառնայ երբ յիշենք Ստեփանակերտի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, թէ «Ղարաբաղի մէջ մինչեւ 2026 հարիւր քառասուն հազար ատրպէյճանցի պիտի վերաբնակեցուի»։
Համարկման ծրագիրը այսպէս թէ այնպէս Արեւմուտքը լռեցնելու եւ աչքին փոշի ցանելու նպատակին կը ծառայէ։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում