Հոկտեմբեր 15-ին Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Ստեփանակերտ եւ արցախեան այլ բռնագրաւեալ շրջաններ, ուր հերթաբար կատարեց ատրպէյճանական դրօշակի եւ զինանշանի ծածանում-տեղադրում։ Անշուշտ ոտնակոխելով Արցախի դրօշը՝ ան շարունակեց իր յարձակողական եւ պատերազմական մթնոլորտ ստեղծող՝ սպառնալի յորդորները։
Ստեփանակերտէն հեռու, շատ տարբեր հարթակի վրայ, Եւրոխորհրդարանի մայրաքաղաք Սրթազպուրկի մէջ, բեմ բարձրացաւ Հ․Հ․ վարչապետը եւ կարդաց իր ճառը։
Մէկը բեմ բարձրացաւ զինուորական զգեստով եւ պատերազմական մթնոլորտ ստեղծեց, ահ ու սարսափ ստեղծող խօսքեր ժայթքեցնելով, իսկ միւսը «փրոթոքոլային» պատշաճ զգեստով եւ ոճով խօսեցաւ ժողովրդավարութեան, երջանկութեան, բարեկամութեան եւ խաղաղութեան մասին։
Հայորդիին դիտանկիւնէն՝ թէեւ լեռնային է մեր հայրենիքը, բայց յստակ էր թէ երկու ղեկավարներուն խօսքերը կը ցոլացնէին «Ձայն բարբառոյ յանապատի» ասացուածքը։ Այսինքն՝ մէկը մէկ լերան վրայ, միւսը խորացող ձորի մը մէջ…
Ինչպէ՞ս մեկնաբանել երկու ղեկավարներուն միտք բանին, որդեգրած ճանապարհն ու գործելաձեւը։
Երկու տարբեր բեւեռներ ստեղծուած են։ Աշխարհագրական ակնոցով դիտուած բաղդատական մը ընելով՝ մէկը ամէն գնով ամուր կը մնայ իր սառոյցին վրայ, յաւելեալ տարածքներ սառեցնելով, իսկ միւսը արդէն իսկ պատրաստ է ամէն գնով հալեցնել մաս-մաս սահող սառցակոյտը, առանց անդրադառնալու կամ գիտակցելու, որ հեղուկի պիտի վերածուի եւ շոգիանայ սառոյցին մնացորդացն ալ՝ ամբողջ հայրենիքը, իսկ ստուար զանգուած մը կը նախընտրէ մնալ կրաւորական ու յանցակից դիտողի կօշիկներուն մէջ։ Փաշինեան կը կարծէ, թէ հայկական ոճով «կլասնոսթ» մըն է պատահածը, որուն մասին ակնածանքով խօսեցաւ Եւրոխորհրդարանի բեմահարթակէն, ներկայացնելով եւ նկարագրելով, թէ ամէն բան վարդագոյն է, ներառեալ… ծանրացող խաւարը։ Չէ՞ որ Արցախի վրայ վերջին յարձակումին օրը, ան ճակատաբաց յայտարարած էր, թէ արցախցիներ որեւէ սպառնալիքի տակ չեն, անգամ մը եւս փաստելով, որ որքա՜ն հաղորդ է իրական վիճակին: Եւ հիմա կը խօսի ազերիական վտանգներու մասին, երբ Արցախի մէջ հայ չէ մնացած…
Ան յոխորտանքով եւ ինքնավստահութեամբ խօսեցաւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» մասին, դրուատեց անոր կերտած «թափանցիկ եւ ժողովրդավար» ուղին, հմտօրէն առանց յստակացնելու, թէ իրողապէս միակուսակցական կառոյցով ստեղծուած Ազգային Ժողովը «կը գործէ շարունակ ի շահ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան»։ Կասկած չկար, որ անոր ճառին այս – ու այլ – տողերը կարծէք թէ հասցէագրուած էին ո՛չ թէ եւրոպացի քաղաքական մարդոց, այլ հայաստանաբնակ համակիրներուն. կարծէք թէ ընտրապայքարի բեկոր մըն էր հրամցուածը: Ապա 44-օրեայ պատերազմին մասին հպանցիկ տեղեկութիւն մը եւ ի վերջոյ արցախահայութեան տեղահանումը, որ կարելի եղած է շտապօրէն եւ կայծակնային արագութեամբ լուծել։
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում