Վատիկան Նիուզ – Վատիկան Նիուզի Ֆրանսական բաժինը, 19 Հոկտեմբերին հանգամանալից կերպով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սեպտեմբերի 19-ին, Պաքուի կողմէ սկսած ռազմական յարձակումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին, որուն պատճառաւ «հայկական հողը ճիշտ մէկ մէկ ամիս առաջ 100.000 բնակիչներէն դատարկուեցաւ»՝ վտանգի տակ դնելով նաեւ այդ տարածքներու մէջ դարերու քրիստոնէական ժառանգութիւնը։
Անոր սկիզբը կը յիշեցուի անցեալ կիրակի՝ 15 Հոկտեմբերին Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնը «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար», ուստի եւ այդ տարածքի մէջ «վանքերը եւ աղօթատեղիները» յարգելու եւ պաշտպանելու Անոր կոչը։
Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւնն ու կոչը Արցախի տեղահաններուն համար ու կրօնական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ի նպաստ
«Հայաստանի հոգեւոր բնօրրանի երկու հազարամեայ քրիստոնէական կրօնական ժառանգութիւնն այժմ ազրպէյճանցիներու ձեռքն անցած է» կը կարդանք յօդուածին մէջ, ուր կը նշուի , որ «2020 թուականի պատերազմէն ետք արդեն Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած է շուրջ 1500 հայկական յուշարձան, որոնցմէ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ։
Ապա կը ներկայացուի ֆրանսացի արեւելագէտ, Կովկասի գծով պատմաբան եւ հայ քրիստոնէութեան մասնագէտ Ժան Փիեռ Մահէին հետ երկարաշունչ հարցազրոյցը, որուն մէջ վերջինս՝ մանրամասն անդրադարձ կը կատարէ հայ ժողովրդի պատմութեան ՝ «Նոյան տապանի երկիրի» կողմէ «Հռոմէն քանի մը տարի առաջ» Քրիստոնէութեան ընդունումէն ի վեր, որմէ ալ, ըստ ֆրանսացի պատմաբանի «սկիզբ առած է Քրիստոնէական ներկայութիւնը պահպանելու և անոր կրօնական ժառանգութիւնը պաշտպանելու գոյաբանական մարտահրաւէրը»։
Կարդացեք նաև
Իր հետաքրքրական պատմաբանական վերլուծութեան մէջ Ժան Փիեռ Մահէն փաստած է, որ քրիստոնէական ամէնէ հինաւուրց յուշարձանները եւ եկեղեցիները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կառուցուած են եւ եզրայանգած է, որ հայ քրիստոնէութեան գոյատևումը կենսական եւ կարեւոր է ամբողջ աշխարհի համար, քրիստոնէական միտքի յիշողութեան պահպանման համար եւ, որ այդ յիշողութեան վկաները հայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի քրիստոնեաներն են։