«Ազդակ». ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան կանխարգիլման գծով յատուկ խորհրդական Ալիա Վայրիմու Նտերիթու հաստատած է, որ մտահոգուած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տիրող կացութեամբ, ուր ընդամէնը մէկ շաբթուան մէջ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է աւելի քան 100.600 տեղահանուած, ներառեալ 30.000 երեխայ:
«Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր ջանքերը գործադրելու այս շրջանին մէջ մնացած հայ բնակչութեան, եւ անոնց իրաւունքներու եւ պաշտպանութեան ապահովման համար, որոնք հեռացուած են, ներառեալ վերադարձի իրաւունքը, որ պէտք է առաջնահերթ ըլլայ»:
Յատուկ խորհրդականը կրկնած է Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին կոչը, որ ներքին տեղահանուած անձերու եւ նման կացութեան մէջ գտնուող գաղթականներու իրաւունքները պէտք է պահպանուին, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել վերադարձի իրենց իրաւունքը անվտանգ եւ արժանապատիւ կերպով:
Վայրիմու Նտերիթու նշած է, որ Ազրպէյճանը երաշխաւորած է հայ բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ անոնց իրաւունքներու ապահովումը: Ան ողջունած է, որ ՄԱԿ-ին նախնական հասանելիութիւն տրամադրուած է այս շրջանին մէջ մարդասիրական կացութեան գնահատման համար: Ան ընդգծած է գործնական քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը հայերու անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ:
Կարդացեք նաև
«Այդ դրական քայլերը պէտք է շարունակել նաեւ լիակատար մարդասիրական հասանելիութեան տրամադրման միջոցով: Ես Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեմ` քայլերու ձեռնարկելու համալիր ծրագիրի մշակման համար, ներառեալ վերադարձի իրաւունքը այն մարդոց, որոնք փախած են, ինչպէս նաեւ շօշափելի քայլեր փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու եւ պաշտպանութեան ապահովման ուղղութեամբ, որոնք միջազգային օրէնքի անկիւնաքարերն են», -նշած է ան:
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: