Vaticannews. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հարցազրոյց մը ունենալով Արժանթինէն Télam հաղորդամիջոցին հետ անդրադարձաւ ճգնաժամի, աշխատանքի, արուեստական բանականութեան, սիւնհոդոսի եւ յոյսի նիւթերու մասին։
Ճգնաժամի նիւթը
«Ճգնաժամ բառը ինծի շատ հաճելի է որովհետեւ ունի ներքին շարժումը մը։ Սակայն ճգնաժամէն կարող ենք դուրս գալ դէպի վեր, դուրս չենք գար փոխզիջումներով» ըսաւ Սրբազան Հայրը յորդորելով սորվեցնել երիտասարդները ճգնաժամերը յաղթահարել, որովհետեւ այս մէկը հասուն կը դարձնէ։
Ընդհանուր անվտանգութիւնը
Կարդացեք նաև
Խօսելով Պատերազմին մասին ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ համընդհանուր անվտանգութեան համար երկխօսութեան միջոցաւ, ըսելով որ կարելի չէ խօսիլ ընկերային անվտանգութեան մասին եթէ չկայ համընդհանուր անվտանգութիւն։
Խաղաղութեան եւ ընդհանուր բարօրութեան կերտման համար Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց մարդկութիւնը գիտակցելու իրենց ինքնութիւնը։ Չէ կարելի երկխօսիլ ուրիշին հետ եթէ չ՝ունինք գիտակցութիւնը թէ ուրկէ կը մեկնինք։
Վազգէն Աբարդեան – Վատիկան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: