vaticannews. Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը եւ միջազգային հասարակութիւնը կը գտնուի խաչմերուկի դիմաց` կա՛մ կ՛ընդունին այս բոլոր ջարդերը, այս բարոյական, ընկերային և ֆիզիկական ցեղասպանութիւնները և կ՛ընդունին նաեւ իրենց թուլութիւնը, եւ կա՛մ պարտաւոր են ստանձնել մարդկութեան և այս երկրագունդի իւրաքանչիւր մարդու նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնը` երաշխաւորելով իւրաքանչիւր անհատի համար ազատ ապրելու իրաւունքը եւ անոր անձեռնմխելի մարդկային իրաւունքները»
Անցեալ կիրակի օր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վանքերու ու աղօթատեղիներու յարգանքի ու անոնց պաշտպանութեան կապակցութեամբ ուղղած կոչին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջ. ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատկան «ՍԻՐ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, արձագանգելով կոչին գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, հաստատելով` թէ «այդ տարածաշրջանին մէջ եկեղեցիներու ու վանքերու կործանումը, կը նշանակէ ուզենալ ջնջել պատմութիւնը` ուստի բնաջնջել նաեւ ամբողջ ժողովուրդ մը»։
«Ֆրանչիսկոս Պապին այդ կոչը անակնկալ մըն չէ։ Ան տեղեակ է այն վտանգի մասին, որուն թիրախ են անպաշտպան ու դատարկ մնացած վանքերն ու և աղօթատեղիները» ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, յոյս յայտներով նաեւ, որ Սրբազան Պապին այդ խօսքերը «զարթնեցնեն ՄԱԿ-ը եւ Միջազգային հասարակութիւնը, որպէսզի անոնք գործեն ի պաշտպանութիւն բոլոր ազգերու պատմութեան ու մշակոյթին»։
Ան ապա մատնանշեց որ Լեռնային Ղարաբաղը այսօր դատարկուած է ու թէ այդ մէկը հայ ժողովուրդին դէմ անարդարութիւն է։
Կարդացեք նաև
«Եթէ աշխարհին մէջ տակաւին կայ քիչ մը խղճմտանք, պէտք է դատապարտել այս անարդարութիւնը, որ գործադրուեցաւ զէնքի ուժով անզէն ու անպաշտպան բնակչութեան դէմ, առանց մոռնալու նաեւ այն ոճիրները` որոնց թիրախը դարձան մանուկներ, կիներ, տարեցներն ու երիտասարդները» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻՍ-ը աւելցնելով. «Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը եւ միջազգային հասարակութիւնը կը գտնուի խաչմերուկի դիմաց` կա՛մ կ՛ընդունին այս բոլոր ջարդերը, այս բարոյական, ընկերային և ֆիզիկական ցեղասպանութիւնները և կ՛ընդունին նաեւ իրենց թուլութիւնը, եւ կա՛մ պարտաւոր են ստանձնել մարդկութեան և այս երկրագունդի իւրաքանչիւր մարդու նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնը` երաշխաւորելով իւրաքանչիւր անհատի համար ազատ ապրելու իրաւունքը եւ անոր անձեռնմխելի մարդկային իրաւունքները»։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: