Հայութիւնը եւս նոր ընծաներ ստացաւ Նիկոլ Փաշինեանէն: Կը կարծէի՞ք, որ անոր նուէրները միայն Ալիեւի ու անոր հովանաւորին(ներուն) վերապահուած են:
Մէկ բան պիտի չընենք այստեղ՝ մէկ առ մէկ կանգ պիտի չառնենք պատկերասփռուած «մտքի գոհարներ»-ուն վրայ (դուք կրնաք խղճի ամենայն հանգստութեամբ զանոնք որակել… անմտութեան շեղջեր, քաղաքական աշխարհին եւ հայրենիքի շահերուն անհաղորդի փաստագրումներ): Կը խուսափինք՝ որպէսզի խելամիտ ընթերցողին խնայենք ժամանակ եւ հոգեկան տագնապ: Հարցազրոյցին հետեւողը այդ բոլորը «վայելեց» ցմրուր: Բաւականանանք նշելով միայն երկու կէտ:
Ա. Այս արարածը իսկական «գիւտարար» է, իւրաքանչիւր հարցազրոյցի կամ հրապարակային ելոյթի՝ ուշագրաւ նորութիւն մը կը նետէ դիտողին, դուք ըսէք՝ ամբողջ ազգին: Նախընթաց «գիւտեր»ուն շարքին էին «աննախադէպ», «աննախընթաց», «ասիկա շատ կարեւոր է…» եւ նման արտայայտութիւններ: Այս անգամ, անոնց կողքին փայլեցաւ «նրբութիւն» հասկացութիւնը: Եւ իւրաքանչիւր անգամ, որ այս բառը կը թռէր անոր շրթունքէն, լսողը կ’ունենար այն տպաւորութիւնը (գոնէ ի՛նք կ’ուզէր ինքզինք խաբել եւ այդ խաբկանքը ստեղծել), որ ինչպիսի՜ խորաթափանց եւ հեռատես քննարկում կ’ընէ, ա՛յնքան խոր՝ որ… ինք ալ կարծէք թէ չէր հասկնար թէ իսկապէս ի՞նչ կ’ըսէ, ըսածին մէջ ի՞նչ իմաստ կայ:
Բ. Աւելի կարեւորը՝ լռելեայն ու երբեմն ալ գրեթէ բացայայտ այն խոստովանութիւններն էին, ինքնադատապարտումի հին-նոր արտայայտութիւններ, որոնց իմաստը հետեւեալն է. Ալիեւի եւ զայն հովանաւորողներուն հետ բանակցութեանց իւրաքանչիւր փուլին, ես խաբուած եմ կրկին ու կրկին, սակայն ամենայն հետեւողականութեամբ կը շարունակեմ նոյն փոսը իյնալ (գիտէք թէ ո՞ր չորքոտանիին մասին կ’ըսուի, թէ նոյն փոսը երկու անգամ չ’իյնար):
Կարդացեք նաև
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: