Արցախի հիմնահարցը տակաւին Հարաւային Կովկասեան ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանման ամէնէն կարեւոր քարն է ու այդպէս ալ պիտի մնայ։ Անիկա շրջանային եւ միջազգային քաղաքական դերակատարներուն համար ներկայիս վերածուած է միջոցի, որպէսզի իւրաքանչիւր կողմ քաղաքական իր հաշիւներէն թելադրուած, ջանայ իր շահերը ապահովել եւ մրցակցութեան թատերաբեմէն դուրս մղել իր շահերուն դէմ կանգնողները։ Ռուսիա- Միացեալ Նահանգներ- Եւրոպական Միութիւն սուր մրցակցութիւնը, որ այսօր առանցքային դերակատարութիւն մը ունի Արցախեան հիմնահարցը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնողի առաջնային դերակատարութիւնը ստանձնելու իմաստով, բնականաբար չ՛առաջնորդուիր Արցախի եւ արցախցիներուն համար արդարութիւն հաստատելու առաջադրանքէն, այլ պարզապէս կը կառավարուի Հարաւային Կովկասեան խճանկարին մէջ քաղաքական- զինուորական- տնտեսական շահերու հետապնդման տարրերով։
Մեզ հետաքրքրողը Արցախի խնդիրն է, որ այսօր վերածուած է շրջանային- միջազգային ռազմաքաղաքական տարբեր դրսեւորումներու պատճառի մը, որուն շուրջ առանցքային են Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խուլ մրցակցութեամբ դրսեւորուած վիճակները։ Միջնորդութիւն- հակամիջնորդութիւն, խանգարումներ, առանցքներու փոփոխութեան տրամադրութիւններ, քաղաքական շահերու միջեւ բախումներով պայմանաւորուած իրավիճակներ իրենց ամբողջական ազդեցութեան տակ առած են Արցախի հիմնախնդրին եւ Հայաստան- Ատրպէյճան բանակցութիւններու ամբողջ դրոյթները, որոնց նկատմամբ յատկապէս ռուսական դիրքորոշումները որոշակի տրամադրութիւններ կը ստեղծեն, թէ ներկայիս Ռուսիա կը նախընտրէ վերադառնալ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահութեան հարթակին։ Նման պատրաստակամութիւն ռուսերը յայտնեցին իրենց արտաքին գործոց փոխ նախարարին միջոցով, որ յայտարարեց, թէ Ռուսիա պատրաստ է գործակցելու Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ՝ Հայաստան- Ատրպէյճան բանակցութիւններու պարագային։
Միջնորդական պատրաստակամութեան գործադրութիւնը ռազմաքաղաքական- տնտեսական որոշ բարենպաստ իրավիճակներ եւ կացութիւններ կ՛ենթադրէ, որպէսզի շահերու համընկնումը իր արդիւնքը տայ։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: