«Գանձասար». Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2023 ին, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանի նախագահութեամբ։ Աւարտին հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ ի յիշատակ Շուշիի ազատագրման նահատակուած սուրիահայ նահատակներուն եւ օրեր առաջ Հոմս քաղաքին մէջ նահատակուած նորանշանակ սպաներուն։
Արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովի ներկայացուգիչը, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։
Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահ, ուր մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք նահատակներուն յիշատակը, այս առիթով խօսք արտասանեց Նայիրի Կարապետեան-Գաթրճեան եւ ըսաւ.
«Հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ դարերու ընթացքին արձանագրուած են սխրագործութիւններ եւ փառապանծ յաղթանակներ։
Կարդացեք նաև
1992-ի Մայիսին, Շուշիի յաղթանակը կերտող ազատամարտիկներու փաղանգին կը պատկանին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին մասնակցող հալէպահայ խիզախ հայորդիները, որոնք քաջաբար դիմադրեցին թշնամիի մեծաթիւ բանակին՝ հայութեան յաղթանակը եւ Շուշիի ազատագրումը ամրագրելու վճռակամութեամբ։ Պիտի արթննայ անպայման արդարութեան ծարաւ մեր ժողովուրդին մոռացումի մատնուած երբեմնի յիշողութիւնն ու արժանապատուութիւնը, կրկին տիրանալու համար Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած մեր հողերուն։
Մենք կը հաւատանք, որ Արցախը մեր ազգին սեփականութիւնն է եւ անոր վերականգնումն ու պաշտպանութիւնը բոլորիս պարտքն են։
Շուշիի ազատագրման մարտերու նահատակներուն, Հոմսի մէջ ոճրային արարքին զոհուած նորօրեայ նահատակներուն հոգիներուն լոյս եւ խաղաղութիւն»։
Ապա քհնյ. հայրը ըսաւ. «Այն ազգը, որ գիտէ յարգել եւ յիշել իր նահատակները, կը յաւերժանայ»:
Այնուհետեւ ան «հոգւոց» աղօթքով փակեց հաւաքը։
Խունկ եւ մոմ քաջարի նահատակներու սրբազան յիշատակին։