Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ժամանակը ուշ կ՛ըլլայ, եթէ ձեռնածալ նստինք եւ զիրար մեղադրենք. «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 09,2023 10:56

Արցախի հայաթափման պատճառները ներքին եւ արտաքին են։ Հարաւային Կովկասեան ռազմաքաղաքական ընդհանուր իրավիճակին մէջ հաւասարակշռութեան փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք՝ շրջանային եւ միջազգային ազդեցութիւն ունեցող պետութիւններու միջեւ սուր մրցակցութիւնը, Ռուսիա- Արեւմուտք տարակարծութիւններու ենթահողին վրայ ստեղծուած աննպաստ պայմանները, Հարաւային Կովկասի մէջ թրքական գործօնին եւ դերակատարութեան շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային ընտանիքին կոչերով եւ յայտարարութիւններով բաւարարուելու ընտրանքը, արտաքին այն գլխաւոր պատճառներն են, որոնք ի վերջոյ յանգեցուցին Արցախի հայաթափման, որ նաեւ ունի ներքին պատճառներ, նկատի ունենալով Երեւանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը, ներքին սուր տարակարծութիւնները, մեղքը միշտ ուրիշին ուսերուն բարդելու «հայկական» սովորութիւնը եւ այլ բազմաթիւ ենթակայական եւ առարկայական պատճառներ, որոնց զոհ գնաց Արցախը, որուն հայաթափումը կատարուեցաւ գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ։

Շրջանային դրդապատճառներուն մէջ ամէնէն նշանակալիցը եւ մտահոգիչը Երեւանի եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն միջեւ առկայ տարակարծութիւններն են, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ջաղացքներուն ջուր կը լեցնեն։

Ներքին դրդապատճառներուն մէջ առաջին հերթին պէտք է նշել հայկական դիւանագիտութեան արձանագրած սխալները եւ թերացումները, ոչ համակարգուած աշխատանքներու կշռոյթը։Երբ ամէջ ոք կը խօսէր Արցախի շուրջ կուտակուող ազրպէյճանական զէնքին ներկայացուցած ահաւոր վտանգին մասին, հայկական դիւանագիտութիւնը չկարողացաւ վտանգը կանխարգիլելու լծակներ օգտագործել եւ առաջքը առնել զինեալ գործողութիւններու, որոնք ինչպէս տեսանք պատահեցան եւ հարիւր հազարէ աւելի արցախցիներ բռնի տեղահանելու ենթահողը պատրաստեցին։Միւս կողմէ, ատրպէյճանցիները շահագործեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ վարչապետին կողմէ կատարուած հակասական յայտարարութիւնը եւ ի նպաստ Ատրպէյճանի մթնոլորտ ստեղծեցին։Ներքին դրդապատճառներուն մէջ տակաւին կարելի է նշել երկպառակութիւնը, որ այսօր իր ծանր թաթերուն տակ առած է հայրենի քաղաքական կեանքը։ Մինչ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը մշակէին յարձակումին ծրագիրը, Երեւանի մէջ իրարու հասցէին ուղղուած մեղադրանքները եւ ամբաստանութիւնները կը ստեղծէին քաոսային վիճակ մը։

Արցախ հայաթափուեցաւ։Ասիկա պէտք է ընդունիլ եւ մարսել։ Ապա անցնիլ աշխատանքի։ Ժամանակը ուշ կ՛ըլլայ, եթէ ձեռնածալ նստինք եւ զիրար մեղադրենք։ Օր առաջ Ազգային փրկութեան ազդեցիկ ճակատի մը կազմութիւնը այսօր աւելի քան հրամայական է՝ մէկ կողմ դնելով բոլոր տարակարծութիւնները։ Այս ճակատին ստեղծման պարտաւորութիւնը կ՛իյնայ Երեւանի իշխանութիւններուն ուսերուն։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031