Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Կրանատայի սեղանը եւս հարուստ էր սնամէջ խօսքի եւ կեղծիքի համադամներով». «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 09,2023 10:22

Կրանատայի սեղանը եւս հարուստ էր սնամէջ խօսքի եւ կեղծիքի համադամներով:

  • Շարլ Միշէլ յայտարարեց, թէ ցնցուած է Արցախի մէջ եղածներով, սակայն ծպուն չհանեց ոճրագործը դատապարտելու կամ անոր դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու իմաստով: Ան փորձեց բարձրաձայնել, որ Ազրպէյճան կը հաստատէ, թէ Հայաստանէն հողային պահանջ չունի: Եթէ այս արարածը մոռցած է, որ Ազրպէյճանի նախկին բոլոր հաւաստիքները «հովին հետ անցած են», ցեղասպանական եւ հողազրկման ոճիրները իրականացած են փուլ առ փուլ, կը նշանակէ, որ ցնցուած է… անոր ուղեղը:
  • Ֆոն տէր Լայնի կրաւորականութիւնն ու ցնցուած ըլլալը այլ արտայայտութիւն գտաւ: Ան յիշեցուց, որ ատենին դատապարտեր են Ազրպէյճանի յարձակումը: (Ի՞նչ կը սպասէք: Մէկ անգամ դատապարտեցինք, չի՞ բաւեր…): Իսկ թէ անկէ անդին ի՞նչ ըրած են, կամ արդեօք ոճրագործէն հաշիւ պահանջելու մտածում կա՞յ, այդ մասին ոչինչ: Բայց ի՜նչ մտածում կրնան ունենալ… ցնցուած ուղեղները: Չէ՞ որ Ազրպէյճանէն վառելանիւթ կը ստանան, անոր մէկ մասն ալ… պատժուող Ռուսիայէն կու գայ:
  • Պորէլ յայտնի ըրաւ, որ վարակուած է փաշինեանականութենէ: Ան ցաւ յայտնեց, որ Ալիեւ ներկայ չէ Կրանատայի հանդիպումին, ուրեմն… կարելի չէ խօսիլ 100 հազարաւոր գաղթականներու տագնապին մասին: Ասկէ աւելի ի՞նչ լաւ պատճառաբանութիւն՝ ողբերգութենէն ձեռք լուալը արդարացնելու համար: Բարեբախտաբար չյիշեց, որ գլխաւոր ձեռք լուացողը Փաշինեանն է:
  • Բայց ամէն բան մութ չէ. Եւրոպա կը խոստանայ կրկնապատկել Հայաստանի տրամադրուած ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ: Սա յաւելեալ գամ մըն է Արցախի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐու դագաղին վրայ. վաղն ալ կրնան մոռնալ Հայաստանի՛ քաղաքական իրաւունքները եւ բաւականանալ մարդասիրականով, եթէ խորաչափենք ըսուածին իմատը:
  • Իսկ բոլոր անոնք, որոնք յուսախաբ կը զգան Ալիեւի բացակայութեան պատճառով, թող չմոռնան, որ «ապագայ կայ», քանզի յայտարարուեցաւ, որ ծրագիր կայ Փաշինեան-Ալիեւ նոր հանդիպումի մը կազմակերպման, դարձեալ Պրիւքսէլի մէջ: Պէտք չէ յոյս կորսնցնել, որ Կրանատայի մէջ ստորագրուածը կրնայ յաւելուածներ ունենալ, թէ՝ Փաշինեան, Արցախէն ետք, Հայաստանի ո՞ր «կղզեակները» ստորագրութեամբ պիտի նուիրէ «կառուցողական» Ալիեւին: Հոս արդէն ի յայտ կու գայ իսկակա՛ն քրիստոնեայ Փաշինեանը, որ կը հետեւի «աւելի՛ երանելի է տալը, քան առնելը» յորդորին…
  • Պահ մը մեր աչքերը հեռացնենք այն հազար ու մէկ արդար եւ մտահոգութիւն յայտնող մեկնաբանութիւններէն, որոնք նոր ծաւալ եւ խորք կը ստանան Կրանատայէն ծնած փաստաթուղթին լոյսին տակ, եւ պզտիկ լուսարձակ մը բանանք «լուսանցքային» հանդիպումի մը վրայ: Փաշինեան յայտնապէս սիրալիր սեռք-սեղմում մը ունեցած է Զելենսքիի հետ, նման այն ժպտադէմ պատկերին, որ քանի մը ամիս առաջ փայլեցաւ Անգարայի մէջ, ուր գացեր էր «ազգընտիր վարչապետ»ը՝ շնորհաւորելու համար Էրտողանի վերընտրութիւնը: Ահաւասիկ դիւանագիտական «վարպետի նոր հարուած» մը՝ ՔՊ-ական ուսապարկապետէն, որ պատրաստ է քրիստոնէական այլ պատուիրան մը կիրարկելու՝ «մէկ երեսիդ զարնողին միւս երեսդ դարձուր»: Զելենսքի Ալիեւը շնորհաւորած էր Արցախի գրաւման տարբեր հանգրուաններուն: Որո՞ւն հոգը: Վաղն ալ կը մոռնանք Ցեղասպանութիւնը, Արարատը, մեր բոլոր հողային ու արդար հատուցման պահանջները եւ կը սկսինք մտահոգուիլ թէ ինչպէ՞ս պիտի հատուցենք… Ազրպէյճանի ներկայացնելիք մուրհակները: Չէ՞ որ աւելի քան 30 տարի «գրաւած ու շահագործած ենք» (եղեր) «ազերիապատկան Արցախը»: Պաքու պատրաստած է 100 միլիառի հասնող պարտամուրհակ մը: «Արցախը Ազրպէյճան է» ըսողէն՝ ինչպէ՞ս սպասել, որ նման բան նախատեսելու… հեռատեսութիւնը ունենայ: Ալիեւ դրօշի պիտի վերածէ. «Ճանչցար, հիմա ալ վճարէ՛»:
  • Եւրոպացիներու գործածած բառամթերքի անուղղակիօրէն կը յիշեցնէ… Փութինի կրկնուող այն արտայայտութիւնը, թէ Փաշինեան ի՛նք էր որ աւելի քան տարի մը առաջ յայտարարեց թէ Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի, հետեւաբար, այդ շրջանը այլեւս պէտք է դիտել իբրեւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան հիմամբ տնօրինումներու ենթակայ տարածք: Փութին քիչ մը աւելի լաւ կը տեսնէ իրականութիւնը, կը յիշեցնէ, որ այդ ճանաչումը իրականացնողները պէտք էր մտածէին արցախահայութեան ճակատագիրին մասին, իսկ հիմա, իրեն կը մնայ հաւատալ (եւ հոս է եւրոպացիներուն հետ միաձայնութիւնը), որ Ալիեւ մարդասիրական վերաբերմունք ունենայ արցախցիներուն նկատմամբ. ակնարկութիւնը՝ առեւանգեալ պետական եւ զնուորական ղեկավարներուն եւ Արցախ մնացած 1000-1500 արցախցիներուն:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031