Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Զարմացե՜ր են, որովհետեւ ըստ իրենց՝ քանդուած ոչ մէկ կառոյց կար։ Ասոնք կոյրերու աշխարհէ՞ն բերուած են Արցախ․ «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 07,2023 10:21

Ի վերջոյ Արցախ պաշտօնական այցելութիւն մը տուին այդ ՄԱԿ-աբոյծները, երբ արդէն «բանը բանէ անցած էր»։ ՄԱԿ-աբոյծ որակումը դաժա՞ն. թերեւս, սակայն մենք չենք վարանիր իրականութիւնները կոչելու իրենց անունով: Զբօսաշրջիկի տրամադրութիւններով Ստեփանակերտ հասնող ՄԱԿ-աբոյծներուն՝ յայտնապէս ճամբայ ելլելէ առաջ տրուած էր ցուցմունքներու լայնափոր թղթածրար մը, որպէսզի սուտ ու անհիմն տեղեկութիւններով ներկայացուէր Ատրպէյճանի ոճիրներուն «վիճակացոյց»-ը։

Ինչո՞ւ այս ենթադրութիւնը: Պարզ է. անոնց ընկերակցողները անդիմակ էին եւ որդեգրուած ուղղութիւնը՝ յստակ։ Անոնք ժամանեցին «դժոխքի ճանապարհ»-էն՝ Աղտամի ճամբով։ Ի սկզբանէ յստակ էր անոնց ձեւելիք եզրակացութիւնն ու պատրաստելիք թղթածրարին «բաղադրութիւն»-ը։

Մի՜ զարմանաք, երբ տեսնէք ու լսէք որ դէտերը… զարմացած են, թէ արցախահայութեան ինչո՞ւ զանգուածաբար, գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը հրաժեշտ տուած է հայրենի այն հողին, որուն կառչած էր դարեր շարունակ, մինչեւ իսկ քանի մը փուլով մղուած պատերազմներուն ընթացքին: Զարմացե՜ր են, որովհետեւ ըստ իրենց՝ քանդուած ոչ մէկ կառոյց կար։ Ասոնք կոյրերու աշխարհէ՞ն բերուած են Արցախ, թէ մրցումի ելած են Հայաստանի իշխանութեան ազգակործան վարմունքը չտեսնողներուն հետ…

Կ’ուզեն հաւատացնել աշխարհին, թէ բնակարաններ, սրբատեղիներ, տաճարներ, վանքեր ու յուշարձաններմնացած էին հաստատ։ Հաւանաբար կը մտածեն. «Է՛, ի՞նչ է եղեր որ… քանի մը շէնք աւերակ դարձած են, ապակիներ ջարդուած:

Ո՛չ մէկ կասկած, որ ազերիներու ուղեկցութեամբ Ստեփանակերտ եւ այլուր պտոյտի ելած զբօսաշրջիկները կոյր էին, կամ գոնէ՝ միականի։ Չհետեւեցա՞ն արդեօք իրենց իսկ տեղադրուած լսատեսողական տեսարաններուն, ուր կ’երեւէր, որ ազերի զինուորներ մուտք գործած են եկեղեցիներ ու վանքեր, պատռտած ու քանդած լուսանկարներ, սրբանկարներ, քանդակներ եւ մատուրներ։

Պատուիրակութիւնը ո՞ր աչքով նայեցաւ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցիին, որ վերածուած է մզկիթի։ Հիմա, կարգը եկած է Ամարասին, Գանձասարին, «Պապիկ-Տատիկ»-ին եւ հարիւրաւոր այլ կառոյցներու։

Այս դէտերը ունին մե՜ծ ախոյեան մը, որ արցախահայութեան բռնագաղթի եւ ոճրային յարձակումնրու օրերուն, բաց ճակատով կը յայտարարէր, թէ արցախահայութեան վտանգ չի սպառնար։ Ա՛յն «ապագայատեսիլ»-ը, որ իր կործանարար ընթացքը արդարացնելու փորձեր կ’ընէ Ազգային ժողովի բեմէն, դարձեալ կը փորձէ ընդդիմադիրները մեղաւոր հռչակել իր յայտնի ու գաղտնի քայքայիչ արարքներուն…

Ընդվզեցուցի՛չ է պատահածը, սահմռկեցուցի՛չ․․․։

Զարմանքի ո՛չ մէկ արտայայտութիւն՝ ի տես դատարկուած Ստեփանակերտին։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031