Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, որ Հոմսի ռազմական համալսարանի սպաներու աւարտական հանդիսութեան ընթացքին, ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ ԱԹՍ-ներով ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ, որուն հետեւանքով 80 նահատակ եւ աւելի քան 200 վիրաւոր արձանագրուեցաւ, հայտնում է «Գանձասար»-ը։
Հաղորդագրութեան մէջ հրամանատարութիւնը աւելցուց. «Շարունակելով իրենց ոճիրները եւ Սուրիոյ ժողովուրդին կեանքին սպառնալով, միջազգային ծանօթ կողմերէ հովանաւորուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ ԱԹՍ-ներով թիրախ դարձուցին շրջանաւարտ սպաները, որուն հետեւանքով նահատակներ եւ զոհեր արձանագրուեցան։ Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը ահաբեկչական այս արարքը ոճիր կը համարէ եւ կը հաստատէ, որ իր կարելիութիւններու լարումով հակահարուածներ պիտի ուղղէ ոճրագործ- ահաբեկիչներուն, ուր ալ գտնուին անոնք, շեշտելով, որ ահաբեկչական խմբաւորումները այս յանցագործութեան տուրքը բարձր պիտի վճարեն»։