Միջազգային քրէական դատարանի անդամակցութեան կամ այս պարագային Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նիստին իշխանութեան խմբակցութենէն հնչեցին Հայ դատի համակարգը պետականութեան հակադրող միտքեր:
Անոնք բանաձեւուեցան Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նկատմամբ ընդդիմութեան դիրքորոշումին իբրեւ խորքային դրդապատճառներ: Առանցքայինը այդ դրդապատճառներուն, ըստ այդ հայեցակարգին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է կամ ընդհանրապէս դաշնակցական մտածելակերպը:
Իշխանական պատգամաւորի տրամաբանութեամբ, Դաշնակցութիւնը կամ անոր Հայ դատի համակարգը միջազգային քրէական դատարաններուն մրցակիցն է: Հետեւապէս, եթէ պետութիւնը ռազմական յանցագործութիւններու դէմ բողոքելու դիմումներով ներկայանայ միջազգային համապատասխան դատարան, այդ պարագային ինչո՞վ պիտի զբաղի Հայ դատը:
Հայ դատի իրականացուցած հսկայածաւալ աշխատանքներէն միայն կարեւորագոյններուն խորագրային նշումները կը տապալեն այս կեղծ տեսութիւնը: Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նիստի քննարկումներու առիթը օգտագործելով դարձեալ փորձ կը կատարուի հարուածելու Հայ դատը, միացեալ Հայաստանի գաղափարը, արուեստականօրէն հակադրելով ամբողջական Հայաստանը այսօրուան Հայաստանին:
Կարդացեք նաև
Արցախը Ազրպէյճանի մաս նկատելէ ետք այժմ թիրախը սփիւռքի քաղաքական գործօնն է` զայն փորձել հակադրելով Հայաստանի պետութեան: «Չպետութիւն» որակելով Հայաստանի պետականութեան ամրակայման առաջադրանքը իրականացնող Հայ դատի համակարգը, նման յերիւրանքներ տարածողները ըստ էութեան իրե՛նք կը հարուածեն պետականութիւնը:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: