Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայրենական մեր կեանքին մէջ ցաւն ու տառապանքը փարատելու համար հարկ է, որ մեր քրիստոնէական հաւատքը գործով արտայայտենք. Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Հոկտեմբեր 04,2023 21:49

Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան թեմի Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարում Հոկտեմբերի 1-ին մատուցուեց Եպիսկոպոսական ս. պատարագ եւ կատարուեց Հոգեհանգստեան կարգ նահատակ զինուորների համար։ Պատարագիչն էր թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը։

Հոկտեմբերի 1-ը յայտարարուած էր նաեւ Համազգային աղօթքի օր՝ ձօնուած Արցախահայութեան։

Հաւատացեալների հոծ բազմութեամբ անցած ս. պատարագին Յովնան Արք. Տէրտէրեանը «Յամենայն ժամ յաղօթս կացէ՛ք եւ մի՛ ձանձրանայցէ՛ք» բնաբանով իր քարոզում ներկայացրեց նոր օրերի կացութիւնը՝ ասելով. «Անցնող օրերը մերազնեայ կեանքին մէջ դարձան ցաւ ու տառապանքի աննկարագրելի ժամանակամիջոց մը: Եւ մեզի հասնող տարագրութեան պատկերները կարելի չէ բառերով նկարագրել, որոնք յար եւ նման են ցեղասպանութեան օրերու տարագրութեան։ Մեր դարաւոր պատմութեան ոգին իր մէջ սեղմած՝ հայրենական հողէն խոշոր պատառ մը ևս դարձաւ աւարը թշնամիին և տասնեակ տասնեակ հազարներով Արցախահայեր անգամ մ’ևս բռնեցին տեղահանութեան ուղին»։

Պատարագիչ Սրբազանը Վազգէն Առաջին Կաթողիկոսի, Գարեգին Եպս. Խաչատուրեանի, Գրիգորիս Եպս. Պալաքեանի, Յովհաննէս Շիրազի խօսքերի մէջբերումներով մանրամասն ներկայացրեց իր նկատումները օրուայ խորհուրդի, համայն հայ ազգի ու հայրենիքի իրավիճակի ու հոգեւորապէս այդ ամէնը յաղթահարելու մասին։ Նա ի մասնաւորի ասաց. «Ինչքա՜ն մխիթարական է, որ Արցախէն Հայաստան ժամանող մեր գաղթական եղբայրներն ու քոյրերը կը դիմաւորուին գութով ու կարեկցանքով, ըլլայ մեր պետութեան ջանքերով, ըլլայ այն եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած միջոցներով եւ մանաւանդ սիրով լեցուն սրտերու գրկաբաց ապրումներով։ Սիրոյ այս տեսանելի պատկերը միայն կը թեթեւացնէ բոլորիս տառապանքը եւ կը փարատէ մեր հոգիներուն վրայ ծանրացած անորոշութիւնն ու յուսահատութեան մշուշը։ Մեր այս պատգամը կ’ուզենք աւարտել առաքեալներուն շուրթներով արտասանուած՝ Քրիստոսի ուղղուած իրենց խնդրանք-աղօթքով. «Տէ՛ր, յաւե՛լ ի մեզ զհաւատ, զյոյս եւ զսէր», այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն»։ (Յովնան Արք. Տէրտէրեանի քարոզն ամբողջութեամբ կարելի է ունկնդրել հետեւեալ յղումով)։

Ս. Պատարագին բազում հայորդիների հետ մէկտեղ ներկայ էին Կիրակնօրեայ վարժարանի սաները, որոնց նեկայութիւնը, ինչպէս ասաց Պատարագիչ Սրբազանը, «հոգու մխիթարանք է մեզ համար»։ Աշակերտներն իրենց պատրաստած խաչերի ցուցադրութեամբ մասնակցեցին «Հայր մեր»-ի աղօթքին։

Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահբազեանը կոչ արեց հաւատացեալներին՝ գործնապէս մասնակցելու այն օժանդակութեանը, ուղղուած Արցախից տեղահանուած մեր քոյրերին ու եղբայրներին, որ նախաձեռնել է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը։

Արեւմտեան թեմի հոգեւորականներից Հոգշ. Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեանը հաւատացեալների հոգեւոր խոկման մթնոլորտի մէջ ընթերթեց «Աղօթք՝ համայն հայոց ազգին եւ հայրենի մեր երկրի համար», ուր ի մասնաւորի ասւում է. «…Հաշտուի՛ր, Տէ՛ր, Քո ժողովրդի մնացորդի հետ, մեծ հրաշքով փրկի՛ր մեզ: Հաւաքի՛ր մեզ Քո սիրոյ գրկում և մխիթարի՛ր ի փառս Քո սուրբ անուան, որ կոչուած է մեզ վրայ»:

Յաւարտ ս. պատարագի կատարուեց Հոգեհանգստեան կարգ՝ նուիրուած Արցախեան գոյամարտի նահատակ զինուորներին։ Ի դէպ, նոյն օրը՝ Հոկտեմբերի 1-ին նահատակ զինուորներին նուիրուած Հոգեհանգստեան կարգ կատարուեց Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներում։

Իբրեւ ամփոփում Առաջնորդ Սրբազանն իր քարոզում նշեց, որ Արեւմտեան թեմը անյոգնաբեկ աղօթքը կեանքի է կոչում գործնապէս՝ մեր ձեռքերը երկարելու Մայր հողի վրայ ապրող ժողովուրդին հնարաւոր բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնելու համար:

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի քարոզը

«Յամենայն ժամ յաղօթս կացէ՛ք եւ մի՛ ձանձրանայցէ՛ք»։

Այս է պատգամը մեր Տիրոջ, եւ երբ այն կը մարմնաւորուի մեր իսկ էութեան մէջ, ապա մեր մէջ կը ծնի նոր մարդը։ Ուրեմն հետեւինք Տիրոջ խօսքին, քանզի՝ Աղօթքը հողն է նոր կեանքին։

Եւ ինչո՞ւ ընտրեցինք Աւետարաններուն մէջ ամրագրուած այս խօսքը,- որովհետեւ մեր հոգիները ծարաւի են Աստուծոյ կենարար խօսքին։ Անցնող օրերը մերազնեայ կեանքին մէջ դարձան ցաւ ու տառապանքի աննկարագրելի ժամանակամիջոց մը: Եւ մեզի հասնող տարագրութեան պատկերները կարելի չէ բառերով նկարագրել, որոնք յար եւ նման են ցեղասպանութեան օրերու տարագրութեան։ Մեր դարաւոր պատմութեան ոգին իր մէջ սեղմած՝ հայրենական հողէն խոշոր պատառ մը ևս դարձաւ աւարը թշնամիին և տասնեակ տասնեակ հազարներով Արցախահայեր անգամ մ’ևս բռնեցին տեղահանութեան ուղին:

Բոլորդ ալ վստահ եմ, արդէն մամուլի միջոցներէն տեղեակ էք ու կը տեսնէք, ձեզմէ իւրաքանչիւրին հոգու մէջ արցունք կայ, ի տես այն պատկերներուն, որոնք անիրական կը թուին ըլլալ, բայց իրական են եւ ա՛յս դարուն։ Աշխարհը գիտութեամբ կը յառաջանայ, կը զարգանայ, բայց մարդը տակաւին աշխարհի երեսին կը գործէ այնպիսի անիրական թուացող ոճիրներ, որոնք նաեւ կրնան բնաջինջ ընել ժողովուրդի մը կեանքը։

Բառերն ու հատորները երբեք բաւական պիտի չըլլան նկարագրելու մեր ժողովուրդի խոր վրդովմունքը: Առանց վայրկեան իսկ կորսնցնելու, սակայն, պարտ ենք ոտքի կանգնել, մնալու աղօթքի մէջ, այն դարձնելու համար հողը՝ Նոր կեանքին, նոյն աղօթքը դարձնելու համար հոգեւոր այն ներքին ուժը, որով պիտի յաղթենք նոր օրերու Գողգոթան։

Այս պահուն կ’ուզենք յիշել ու ձեզ ներկայացնել հոգելոյս Վազգէն Վեհափառի մխիթարական պատգամը, արտասանուած 1992 թուականի Յուլիսին, որ այս օրերուն նոյնպէս կը հնչէ նոյն ուժգնութեամբ.

«Այս պահին, նախ իմ հոգևոր պարտականութիւնն եմ համարում իմ աղօթքը առաքել դէպի երկինք, Արցախում և Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններում զոհուածների հոգիների համար, որոնք մի անգամ ևս փառաւորեցին մեր ազգի պատմութիւնը իրենց հեղած արեամբ, ազատութեան ու արդարութեան զոհասեղանի առաջ: Նրանք նախընտրեցին ազատ մեռնել, քան ստրուկ ապրել:

Իբրև քրիստոնեաներ, մենք բոլորս հաւատում ենք, որ նրանք կեանքից կեանք գնացին՝ երկնքում արժանանալով փառաց պսակին:

Ես չգիտեմ՝ ե՞րբ և ինչպէ՞ս կը վերջանայ Արցախեան հերոսամարտը, սակայն ինձ համար մի իրողութիւն ստոյգ է, որ յանուն ազատութեան զոհուած մեր ժողովրդի զաւակների հերոսական սխրանքը, աշխարհի պատմութեան ժայռի վրայ անջնջելի տառերով արձանագրուած պիտի մնայ, 2500 տարի առաջ Թերմոպիլէսի հերոսների ծանօթ արձանագրութեան կողքին, Հելլադայում:

Վշտահար սրտով հիշենք նաև Արցախում ու այլ ահաբեկուած շրջաններում հայ ազգաբնակչութեան ծոցից հազարաւոր զոհուած ձեր եղբայրներին ու քոյրերին, ծերունիներին, կանանց ու երեխաներին ու աղօթենք նրանց արդար հոգիների խաղաղութեան համար երկնային յաւէրժութեան լոյսի աշխարհում:

Այսօր իմ խօսքը ուզում եմ ուղղել նաև Հայաստանի ու Արցախի մեր ողջ ժողովրդին, որ կեանքի ծանրածանր պայմաններում, նրանք հոգու աննման տոկունութեամբ ու համբերատարութեամբ իրենց խաչն են տանում անտրտունջ՝ Գողգոթայի ճանապարհով հասնելու յոյսով յարութեան յաղթանակին:

Յարգանք ու օրհնութի՛ւն քեզ, արիասի՛րտ հպարտ իմ ժողովուրդ»:

32 տարիներ առաջ ասուած մարգարէաշունչ խօսքեր են, որ Վազգէն Առաջինը կրցաւ տեսնել հորիզոնէն անդին, այն՝ ինչ այսօր բոլորս ականատես ենք, ինք տակաւին ա՛յն օրերուն ցաւեց՝ գալիքը տեսնելով, վտանգը զգալով մեր հայրենի սահմաններուն, Արցախ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ մխիթարական խօսքը որպէս ահազանգ նաեւ հնչեցուց, որ օր առ օր աղօթքով, հաւատքով գոտեպնդուած մնանք, պատրաստ՝ բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներու առջեւ։

Աղօթքով պիտի կերտենք Նոր կեանքը: Աղօթքի մէջ յարատևելով պիտի ապահովագրենք հոգևոր ներքին միաբանութիւնը մեր ազգի զաւակաց ի Հայաստան և ի սփիւռս աշխարհի: Աղօթքը պիտի վերածենք ներքին այն զօրութեան, որ պիտի դրսևորէ հաւատքէն բխած բարի գործեր: Այս կիրակի, Հոկտեմբերի 1-ին, Վեհափառ Հայրապետի յորդորով, Համազգային աղօթքի հրաւէրին ընդառաջ բոլորով ծունկի իջնենք և ուխտ կատարենք, որ մեր ձեռքերով լուսաւոր էջեր պիտի բերենք մեր ազգի ու հայրենիքի կեանքի ու պատմութեան մէջ: Զգոյշ ըլլանք, որ աղօթքի բառերը երբէք չդադրին մեր շրթներուն վրայ, որպէսզի գէթ մէկ բառ մ’անգամ վիրաւորանք չբերէ մէկզմիւսին նկատմամբ: Քանզի երբ խաղաղ չեն մեր հոգիները ու բացակայ է աղօթքը մեր էութեան մէջ, այն ժամանակ անզօր ենք արարել և ստեղծել նոր կեանքը:

Սիրելինե՛ր ի Քրիստոս, մեր կեանքի ճանապարհը պիտի նմանեցնենք Աւետարաններէն մեզի տրուած այրի կնոջ կերպարին, որ անյոգնաբեկ ու անձանձրոյթ աղօթքով թակեց անիրաւ դատաւորին դուռը, միշտ յուսադրուած, որ իր արդար դատին լուծումը պիտի գտնէր: Անյոգնաբեկ ու անձանձրոյթ աղօթքը այսօր պիտի կեանքի կոչենք գործնապէս, մեր ձեռքերը երկարելու Մայր հողի վրայ ապրող ժողովուրդին հնարաւոր բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնելու: Միասնաբար պիտի աղօթենք, միասնաբար պիտի գործենք, ու միասնաբար ստեղծենք նոր առաւօտը մեր ժողովուրդին:

Անցնող աւելի քան հարիւր տարիները, դեռ չհաշուած անցեալ դարերը, մեզի համար եղած են անընդհատ փորձութեանց ու կորուստներու ժամանակներ: Եւ մեզի համար այլ տարբերակ ու ճանապարհ չկայ, քան աղօթքի մէջ մնալու, աղօթքով զօրանալու, ու աղօթքով ստեղծագործելու նոր կեանքը:

Քաջ գիտենք տառապանքը հայրենական հողէն, տուն ու տեղէն տեղահանուած, իր հարազատին մահն ու կորուստը դեռ չսգացած մեր հարազատ եղբայրներուն ու քոյրերուն: Մեր աղօթքի զօրութիւնը պիտի դարձնենք բալասանը բոլորի ցաւին: Մեր սուրբ եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Տրապիզոնցի Պատրիարք, երբ կը խօսի հաւատքի մասին, հետևեալ խօսքը կ’արտասանէ. «Հաւատքը մեր կեանքի ուժն է»: Իսկ մենք կ’ուզենք ընդգծել, որ աղօթքը՝ հողն է նոր կեանքին: Լուռ աղօթենք, միասին աղօթենք, յարատև ու անյոգնաբեկ աղօթենք: Այն ժամանակ մեր մէջ պիտի գտնենք տեսիլքը՝ նոր կեանքին: Չէ՞ որ աղօթող հայ ճգնաւորներ երկինքի մէջ երևացող եկեղեցւոյ պատկերը դարձուցին իրական ու շօշափելի հայրենի հողին վրայ ու կառուցեցին Վարագայ վանքի Ս. Խաչ եկեղեցին: Այս պատկերը կը մէջբերենք, որովհետեւ այսօր Վարագայ Ս. Խաչի տօնն է։ Անոնք լսեցին աստուածային ձայնը և պատասխանեցին հաւատարմութեամբ: Եւ երբ Խաչատուրեան Պատրիարք կը խօսի աղօթքի ուժին մասին հետևեալը կ’ըսէ. «Մտէք եկեղեցիներէն ներս, բայց մանաւանդ մտէք ձեր անձնական «տաճար»ներէն ներս: Դիտեցէք, Աւետարանի լոյսով, ինչ որ կ’անցնի ու կը դառնայ հոն: Ուշադրութեամբ անդրադարձէք, թէ ի՞նչ կ’աղօթէք, ի՞նչպէս կ’աղօթէք և ի՞նչու կ’աղօթէք, ե՞րբ և ո՞րու համար կ’աղօթէք: Կը լսէ՞ ձեզի Աստուածն՝ որուն կ’աղօթէք»: Խաչատուրեան Պատրիարքի խօսքին պատասխանը քաջութեամբ տանք։

Անտարակոյս Աստուած կը լսէ աղօթքի մեր ձայնը եւ նոր ժամանակներու, ինչպէս անցեալին մենք մեր հաւատքով – աղօթքով պիտի կառուցենք լուսաւոր առաւօտը մեր պատմութեան։ Այս պահուն պարտ ենք ամուր մնալ, շարունակելու համար մեր կեանքը հաւատքով, քաջութեամբ զինուած, քրիստոնէական յոյսով եւ սիրով։ Մանաւանդ որ ունինք մեր հոգեւոր հայրերէն Գրիգորիս Եպս. Պալաքեանի լուսաւոր մտքերը, որոնք արտասանած է ջարդերէն 12 տարիներ յետոյ, որոնք կը վկայեն հայու վճռակամ հաւատքի ու աղօթքի զօրութեան մասին։ Այն խօսքերը, որ պիտի բաժնենք ձեզի հետ, արտասանած է Մարսիլիոյ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ օծման առիծթով։

«Այո՛, համաշխարհային պատերազմի արիւնի եւ սուգի համատարած շրջանին, ի տես քու միլիոնաւոր նահատակներուդ կորստեան, աշխարհի բոլոր ազգերը քեզ մեռած կարծելով քու դամբանականդ խօսեցան ու քեզ թաղել կարծեցին առ յաւէտ: Բայց ահա 12 տարուան կարճ ժամանակի մը մէջ, այսօր եկած ես բազմահազար ժողովրդեան հոծ զանգուածով լռելեայն ապացոյցը տալու, թէ չես մեռած, թէ կ’ապրիս ու պիտի ապրիս, եւ հրաշափառ յարութիւն առած ես» («Բանք հովուականք Մարսէյլի նորակառոյց Ս. Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ օծման առիթով»):

Մեր առջև բացուող կեանքի ճանապարհը պիտի դարձնենք աղօթքի հրաւէրին պատասխանը: Աղօթքը մեզ կը հրաւիրէ մնալու հաստատ մեր յանձնառութեանը մէջ, որպէս յոյսին անմար կրակը: Աղօթքը` հոգևոր կեանքի վերածնունդին առաջնորդող զօրութիւնն ունի իր մէջ, որպէսզի մեր ֆիզիկական ու հոգևոր աչքերով տեսնենք կատարուածը, հասկնանք մանաւանդ, որ անտեսեցինք պատգամը հայրիկին՝ երկաթէ շերեփին, չպատասխանեցինք ժամանակի հրամայականի ու ոգու համաձայն, եւ այսօր կ’ապրինք անմարսելի տառապանքն ու կորուստը մեր ազգի։ Հետեւաբար պարտինք ուխտ կատարել մեր առօրեայի մէջ զոհողութիւնն ու ծառայութիւնը դարձնելու նպատակը կեանքին:

Աղօթքը՝ հրաւէրն է Նահատակաց, որպէսզի մեր պատարագեալ ու նպատակամղեալ կեանքով արժևորենք անոնց արդար ու մաքուր արեան հեղումը յանուն յաւերժական հայրենիքի ու մեր ազգի հոգևոր ու բարոյական արժէքներու:

Մեր նահատակներու լուսեղէն հոգիները մեզի հետ պիտի մնան։ Այսօր հոգեհանգստեան աղօթքով առ Աստուած պիտի խնդրենք, որ անոնց հոգիները մշտապէս սաւառնին Հայոց երկնակամարին վրայ։ Ամենէն կարեւորը սակայն, պիտի ըլլայ այն, որ մեր նահատակաց ազատատենչ ոգին արթուն մնայ մեր էութեան մէջ, եւ հայրենական հողին տեսիլքը դառնայ առաջնորդող առաքելութիւնը մեր կեանքին։ Եթէ այս կոչումով չապրինք կեանքը, ապա այն ժամանակ մատնուած ենք կորստեան։

Մեր քրիստոնէական հաւատքն ու աղօթքի կեանքը պիտի դարձնենք շարժիչները մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքին։

Սեր խօսքը պիտի լինի յուսադրող, եւ այս պարագային տեղին կը համարենք մէջբերել Յովհաննէս Շիրազի բառերը, որոնք իրօք այժմէական են.

«Մեզ էն գլխից են զարկել, բայց նորէն՝ հայերն ապրել են, ապրում են, կ’ապրեն։

Հազար դարեր են զարկել, բայց նորէն՝ հայերն ապրել են, ապրում են, կ’ապրեն։

Եղեռնազարկ էլ եղանք, բայց նորէն՝ հայերն ապրել են, ապրում են, կ’ապրեն։

Ով էլ որ զարկի, ինչքան էլ զարկեն՝ բայց նորէն՝ հայերն ապրել են, ապրում են, կ’ապրեն։

Կ’ապրին եւ նորէն կ’արարեն…»։

Մեր կոչն է մեր թեմի եկեղեցւոյ հաւատացելոց. Հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ հիմնականօրէն ծառայողական քաղաքականութիւն, աղօթքի առաքելութիւնը, աղօթքի հրաւէրը, նոր սերունդներու հոգեւոր կեանքը Աստուծոյ սիրովը ներշնչելու եւ ապրելու պատգամը։

Հայրենական մեր կեանքին մէջ ցաւն ու տառապանքը փարատելու համար հարկ է, որ մեր քրիստոնէական հաւատքը գործով արտայայտենք։ Մեր ծառայութիւնը դարձնենք նպատակը մեր Աստուածապարգեւ կեանքին։ Եւ ինչքա՜ն մխիթարական է, որ Արցախէն Հայաստան ժամանող մեր գաղթական եղբայրներն ու քոյրերը կը դիմաւորուին գութով ու կարեկցանքով, ըլլայ մեր պետութեան ջանքերով, ըլլայ այն եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած միջոցներով եւ մանաւանդ սիրով լեցուն սրտերու գրկաբաց ապրումներով։

Սիրոյ այս տեսանելի պատկերը միայն կը թեթեւացնէ բոլորիս տառապանքը եւ կը փարատէ մեր հոգիներուն վրայ ծանրացած անորոշութիւնն ու յուսահատութեան մշուշը։ Մեր այս պատգամը կ’ուզենք աւարտել առաքեալներուն շուրթներով արտասանուած՝ Քրիստոսի ուղղուած իրենց խնդրանք-աղօթքով. «Տէ՛ր, յաւե՛լ ի մեզ զհաւատ, զյոյս եւ զսէր», այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն։

Դիւան Առաջնորդարանի 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031