Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումին համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ն, եւ համախմբումին մէջ անոր ներկայացուցիչը` Պարոյր Տէր Ղուկասեան կը վարէ փոխատենապետի պաշտօնը, երէկ իր ընթացիկ նիստը գումարեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:
Ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Ղովմի կուսակցութեան, Պաաս կուսակցութեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի իրավիճակը:
Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արցախի դէմ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ գործուած վայրագ յարձակումը, ինչպէս նաեւ այդ յարձակումը կանխող ամիսներու շրջափակումը խստիւ դատապարտելի են:
Կարդացեք նաև
Համախմբումը ահաւոր նկատեց այս իմաստով ցուցաբերուած միջազգային լռութիւնը, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ ժողովրդագրական փոփոխութիւն մը, որ մերժելի է: «Այս լռութիւնը դարձեալ ամօթի կնիք մըն է, որ կ՛աւելնայ միջազգային ընտանիքին հասցէին: Միջազգային հասարակութիւնը, որ ծանօթ է դահիճին եւ անիրաւող կողմին շահերուն զօրակցելու իր կեցուածքներով, ինչպէս է պարագան պաղեստինցիներուն»,- կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: