Քանի մը օրեր առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր` ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը, խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, նշանակեց Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը
Յիշեալ մարմինը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի: Արդէն իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու օժանդակութեամբ 100.000 տոլար կը գտնուի մարմինին տրամադրութեան տակ: Օժանդակութեան ընթացքը պիտի կատարուի կազմակերպուած ու հետեւողական կերպով` տեղւոյն վրայ նկատի ունենալով կարիքներու առաջնահերթութիւնն ու անմիջականութիւնը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու Արցախի մեր սիրելի զաւակներուն օժանդակութեան համազգային աշխատանքին:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: