Անցնող շաբաթավերջին, Եւրոպայի հայկական գաղութներու ամբողջ հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ եւ աւելի քան 24 մեծ քաղաքներու մէջ միահամուռ ոգիով դէմ կեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած պատերազմական գործողութիւններուն եւ Արցախի ապօրինի գրաւման, որոնց հետեւանքով 100.000 արցախցիներ ստիպուեցան լքել իրենց հարազատ հողերը։
Հայութեան համեւրոպական զօրաշարժի ծիրէն ներս, որ կը կրէր «Եւրոպացիներ Արցախին համար» ընդհանուր խորագիրը, Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան համակազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային բազմամարդ հաւաք, Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա հրապարակին վրայ, Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ։
Աւելի քան 1500 հայրենակիցներ ներկայ գտնուեցան ու իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին, յիշեցնելով ամբողջ աշխարհին, թէ Արցախը հայկական բնօրրան է, իսկ Ատրպէյճանի կատարած բռնութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ցեղասպանութեան կրկնումը հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Յատկանշական եղաւ հայ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը, որ պաստառներով ու դրօշներով հաստատեց պայքարելու իր աննկուն կամքը եւ աննահանջ ոգին։
Հաւաքի առաջին խօսողը եղաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան փոխատենապետ պ. Սեւակ Փանոսեան, որ իր խօսքին մէջ դատապարտեց մեծապետական ուժերու եւ միջազգային ընտանիքի անտարբերութիւնը Արցախի հայութեան աւելի քան 9 ամիսներու շրջափակման հանդէպ, որոնց լռութիւնը Ալիեւի կողմէ նկատուեցաւ որպէս Արցախը գրաւելու կանաչ լոյս։
«Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւումը եւ արցախահայութեան բռնագաղթի ենթարկելը ահաւոր հարուած մըն է հազարամեայ մեր ազգին, բայց ինչպէս որ 1918-ին, մեր վերջին հողակտորին վրայ, կրցանք ուժերու գերլարումով անկարելին դարձնել կարելի եւ յաղթել Սարդարապատի ճակատամարտը, այժմ ալ, պէտք է համախմբուինք մեր հայրենիքի ինքնիշխանութեան եւ հզօրացման սուրբ աշխատանքին շուրջ, որոհետեւ թշնամին պիտի չբաւարարուի իր գործած ոճիրով, այլ պիտի փորձէ ոտնձգութիւններ կատարել Հայաստանի տարածքին եւ բնակչութեան հանդէպ:
Փանթուրանական ծրագիրը՝ որ 1915-ին սկիզբ առած Հայոց ցեղասպանութեան նպատակներէն մէկն էր, այսօր ալ կը հետապնդուի Էրտողանի եւ Ալիեւի վարչակարգերուն կողմէ՝ որոնք կ՚ուզեն բռնագրաւել մեր Սիւնիքը, Մեղրին, եւ նոյնիսկ Երեւանը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Հունաստանում տպագրվող «Ազատ օր» օրաթերթում