Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Սուգէն դուրս գանք եւ մեր մէջ փնտրենք ցեցը». «Տէր կանգնինք Արցախին» հաւաք Մոնթրէալի մէջ

Հոկտեմբեր 03,2023 11:17

1 Հոկտեմբեր 2023-ին, Կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, Մոնթրէալի Place Du Canada-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր կանգնինք Արցախին» կարգախօսով զօրակցական հաւաք եւ ցոյց, ներկայութեամբ Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ Տէնիս Թրուտէլի եւ Ալեքսանտր Պուլէրիսի, Քեպէգի Խորհրդարանի անդամներ Միշէլ Սեթլաքուի, Անտրէ Մորինի, Սոնա Լախոյեանի եւ Պրիժիթ Կարսոյի, Մոնթրէալի քաղաքապետութեան անդամ Շանթ Տարագճեանի, Լաւալի քաղաքապետութեան անդամներ Վասիլիոս Քարիտոճիանիսի, Սանտրա Ալ Հըլուի եւ Սեդա Թոփուզեանի, Մոնթրէալի եւ Լաւալի հոգեւոր հայրերու եւ հոծ բազմութեան:

Բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի օրհներգներով, ապա ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Արիանէ Թասլաքեան կատարեց բացման խօսքը (ֆրանսերէն), որուն մէջ ան ըսաւ. «Խօսքի սահմանէն դուրս գալու ժամանակը անցած է, եւ վճռական գործողութիւններու դիմելու ժամանակը հասած է վաղուց: Իրականութիւնը այն է, որ Ատրպէյճանը այս անմարդկային ոճրագործութիւնները հրահրողն ու գործադրողն է: Արդարութիւնը պէտք է ի կատար ածուի, եւ ալիեւեան բռնապետութիւնը պէտք է պատժուի եւ պատասխանատուութեան ենթարկուի»:

Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի խօսքը փոխանցեցին մարմնի անդամներ՝ Շանթ Գարայեան (ֆրանսերէն), Ճորճ Ծովիկեան (անգլերէն) եւ Էմմա Սարգսեան (հայերէն), որոնք ընթերցեցին միացեալ մարմնին յղած նամակը Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին, որուն մէջ յիշուած է. «Անհրաժեշտ է, որ Գանատան կիրառէ դիւանագիտական եւ տնտեսական պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի բռնապետական կառավարութեան պաշտօնեաներուն դէմ, դատական գործ յարուցէ նախագահ Ալիեւի դէմ, Միջազգային քրէական դատարանին մէջ, մարդասիրական օգնութիւն տրամադրէ ցեղասպանութենէն վերապրածներուն, որոնք գաղթած են Հայաստան եւ ճանչնայ Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Այս առումով Գանատայի արձագանգը պէտք չէ սահմանափակուի միայն բանաւոր դատապարտումներով: Մտահոգութիւններն ու բանաւոր դատապարտումները միայն կը քաջալերեն բռնապետ Ալիեւը անտեսելու դիւանագիտութիւնը»: Նամակը կ’աւարտի «Ժամանակն է, որ Գանատան վերականգնէ առաջնորդի իր դերը, եւ ոչ թէ մնայ իբրեւ հետեւորդ» նախադասութեամբ:

Հերթաբար խօսք առին ներկայ քաղաքական գործիչները, որոնք իրենց մեծ ցասումը յայտնեցին արցախահայութեան տեղահանման առթիւ նաեւ խստօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի կատարած ցեղասպանութիւնն ու իրենց բացարձակ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին:

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանէն ինը տարեկան աշակերտ մը ընթերցեց արցախցի երեխայի մը գրած նամակը, ապա աւարտական կարգի աշակերտներ Վայք Աճէմեան եւ Լէա Տօնապետեան ընթերցեցին իրենց պատրաստած նամակը Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին:

Հաւաքը աւարտեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի պատգամով, որուն սկիզբը ան յիշեց Արցախի Ազատագրական շարժման նահատակներէն Մովսէս Գորգիսեանի խօսքը՝ «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ», ապա անդրադարձաւ համայն աշխարհի սառնասիրտ մօտեցումին արցախահայութեան դիմակայած 8 ամիսներու շրջափակումին եւ տեղահանութեան, ապա շեշտեց. «Սուգէն դուրս գանք եւ մեր մէջ փնտռենք ցեցը, որ թշնամիէն աւելի վտանգաւոր է եւ արմատախիլ ընենք այդ մէկը մեր մէջէն»:

Ան նաեւ նշեց որպէս գանատահայ գաղութ մեր ընելիքները՝ ըսելով. «Առաջին հերթին մեր պարտականութիւնն է օգնութեան ձեռք երկարել Արցախէն տեղահանուած մեր ժողովուրդին, ապա շարունակենք աւելի վճռաբար պահանջել Գանատայի կառավարութենէն պատժամիջոցներ որդեգրել Ատրպէյճանի նկատմամբ», ապա իր խօսքը փակեց համախմբուելու եւ պայքարը շարունակելու կոչով՝ ըսելով. «Որքան ալ դժուար թուի մեր վերելքի ճամբան, բոլորս պարտաւոր ենք ոտքի ելլելու եւ ուխտելու չընդունիլ այս դառն ճակատագիրը, չընդունիլ Արցախի կորուստը. եկէք բռնցքուինք եւ աշխարհով մէկ առաջնորդուինք Ցեղասպանութեան նահատակ մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն Սիամանթոյի խօսքերով՝ թէ մեր անունն է պայքար եւ վախճանը՝ յաղթանակ»:

ՀՅԴ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031