Զարհուրելի են վերջին քանի մը օրերը, որոնց ընդհանուր վերնագիրն է Արցախի վերջնական կորուստն ու հայաթափման վերջին փուլը:
Հայոց Պատմութեան դիտանկիւնէն՝ դժուար պիտի ըլլայ նկարագրելը, բացատրելն ու պատմութեան արխիւներուն մէջ տեղադրելը։ Աւելի՛ն, ինչպէ՞ս կարելի է կուլ տալ Արցախի հանրապետութեան լուծարման «դեղահատը»:
Արցախի՝ իբրեւ առանձին, հայկակա՛ն միաւոր գոյութիւն ունենալէ դադրելու իրականութեան չափ դժուար է բռնագաղթուածներուն մասին խօսիլը, որովհետեւ եթէ առաջինը իրականացման հանգրուանին կը սպասէ յառաջիկայ տարեմուտին, գաղթականներուն տագնապը այսօ՛ր է եւ կը ծանրանայ ժամ առ ժամ: Ինչ որ կը տեսնենք պարզ աչքերով՝ մարդկային, հայկակա՛ն ողբերգութիւն, ցեղասպանութիւն հասկացութեան ամէնէն ցուցական արտայայտութիւններն են:
Արցախը կը պարպուի վերջնականապէս, 1 Յունուար 2024-ին պիտի վերցուի նաեւ աշխարհի քարտէսէն։
Այո՛ պարոն Հ․Հ․ վարչապետ։ Արդէն իսկ ձեզի համար ամանօրեայ նուէր մը պատրաստ է եւ Յունուար 1-էն անդին գոյութիւն պիտի չունենայ Արցախի Հանրապետութիւնը։ Հաւանաբար անտարբեր ու ժպտուն դէմքով վճռես պաշտօնապէս. «Արցախը Ատրպէյճան է․․․եւ վերջ»։
Պատմութեան սեւ ու կարմիր էջերուն մէջ պիտի յիշուին այս օրերը։
Սակայն նոյնքան վրդովեցնող ու ընդվզեցուցնող են նոյն օրերուն Երեւանի մէջ պատահած դէպքերը։ Հոն ալ, Հիւսիսային պողոտայէն ու մօտակայքէն կը հասնին «կարմիր լուրեր»։ Այս անգամ թշնամին ազերին չէ, ոչ ալ հայրենի հողի պաշտպան ու ներկայ կամայական ղեկավարութեան կողմէ դիտմամբ չքացած բանակը, այլ կարմիր գլխարկ կրող ոստիկանները, որոնց վստահուած է պարզ ու մեկին պարտականութիւն մը՝ միայն ու միայն պաշտպանելը վարչապետին եւ կողքին քալողներուն անձերը։ Արդեօք այս «առաքելութիւնը» պիտի շարունակեն, մինչեւ որ Հայաստա՞նն ալ մատնուի Արցախի ճակատագիրին…
Աւելի քան տասը հազար հաշուող ոստիկանութիւն մը՝ որուն պարտականութիւնը անդորրութեան պահապան կանգնիլ չէ, այլ պայքարիլ հայրենի հողերը եւ ժողովրդավարութեան պահպանումը պահանջողներուն դէմ։
Կարդացեք նաև
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: