Տարակոյս չկայ թէ, այս օրերուն, ազգովին կը բոլորենք մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն չարաղէտ, ամէնէն զարհուրելի, ամէնէն փորձանաւոր եւ թերեւս նաեւ ամէնէն ճակատագրական ժամանակաշրջանը։
Գերազանցօրէն պայթուցիկ այս իրավիճակը կը պահանջէ որ բոլորս ըլլանք կատարելապէս զգաստ, աչալուրջ կերպով կշռադատ, բայց մանաւանդ՝ անքակտելիօրէն միակամ։
Բացորոշ է որ բոլորս ալ ունինք այլազան մտահոգութիւններ, տագնապեցնող վրդովումներ, կասկածներ յարուցանող վերապահութիւններ եւ հետզհետէ կուտակուող ցասում։ Արհաւրալից այս պահուն ունինք, սակայն, երկու հիմնախնդիր, մահու-կենաց երկու մարտահրաւէր եւ աներկբայօրէն անհրաժեշտ է որ անոնց վրայ բեւեռենք հաւաքական մեր լիակատար մտախոհութիւնը։
Համազգային առաջնահերթ մեր յառաջադրանքն է ապահովումը եւ երաշխաւորումը Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ամբողջական անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային բոլոր իրաւունքներու յարգումին։
Կարդացեք նաև
Երկրորդ կարեւորագոյն մեր մտասեւեռումը պէտք է ըլլայ գուրգուրալը մեր պետականութեան եւ ինքնիշխանութեան վրայ: Բոլորանուէր ճիգերով անհրաժեշտ է որ պահպանենք երկու այդ սրբութիւնները, որոնցմով պայմանաւորուած է նոյնի՛սկ ազգային մեր գոյութիւնը։
Ծայրայեղ կերպով բախտորոշ այս պահուն մեզի համար կենսականօրէն անհրաժեշտ է ազգային ամբողջական միասնականութիւնը: Հիմա ժամանակը չէ զիրար վարկաբեկելու, տեղին եւ անտեղի կերպով զիրար գրգռելու, ամբաստանութիւններ եւ զրպարտութիւններ կատարելու, հիմնաւորուած կամ ոչ յանցաւորներ հաշուեյարդարի ենթարկելու, կամ ալ՝ վերլուծութիւններ ընելու։ Նոյնքան անհարկի ժամավաճառութիւն է իմացեալ կամ ենթադրեալ մեկնաբանութիւնը օտարերկրեայ քաղաքականութիւններու։
Օրհասական է ժամանակը։ Տէր կանգնի՛նք մեր ճակատագրին։
Անկոտրում միասնականութեամբ կո՛ւրծք տանք մեր դէմ ծառացող վիթխարի պատուհասներուն։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ