Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

«Թոյլ պիտի չտանք, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ». Արցախի զօրակցութեան քայլերթ Թորոնթոյի մէջ

Սեպտեմբեր 26,2023 12:11

Արցախի զօրակցութեան բողոքի ցոյցով թորոնթոհայութիւնը վերահաստատեց պայքարը շարունակելու իր վճռակամութիւնը:

Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ին, յետմիջօրէին Տանտասի կեդրոնական հրապարակը ողողուեցաւ թորոնթոհայութեամբ:

Ներկայ էին մանուկն ու պատանին, երիտասարդն ու տարեցը: Հայրենիքի կանչն էր կրկին, եւ այս անգամ Արցախի գոյութեան սպառնացող վտանգը:

Քայլերթի մեկնարկի առաջին ելոյթը ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Գլպոզեանը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ աշխարհի ղեկավարները տուեալ պահուն տեղեակ են, թէ արցախահայութիւնը բռնազաւթման կ’ենթարկուի, եւ Ատրպէյճեան ցեղասպանութիւն կ’իրագործէ: Ան հաստատեց, որ կացութիւնը Արցախի մէջ լոկ մարդասիրական հարց կամ ճգնաժամ չէ, այլ աւելին՝ համաշխարհային տարողութեամբ խնդիր:

Աւարտին իր խօսքը ուղղելով Գանատայի լրատուական գործակալութիւններուն՝ ըսաւ. «Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք արդարութիւն պահանջելու: Այսօր այս հրապարակէն կը պահանջենք գանատական լրատուական գործակալութիւններէն, որ դադրեցնեն իրենց կոչած «հաւասառակշուած տեսանիւթ» քաղաքականութիւնը. իրականութեան մէջ չկայ հաւասարակշռուած նիւթ, այլ կան բռնութիւն գործադրողներ, կան անարդարութիւններ, որոնք պէտք է լուսարձակի տակ առնուին»:

Յորդեռանդ թորոնթոհայութիւնը միահամուռ շարքերով ուղուեցաւ դէպի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն: Երիտասարդներն ու պատանիները պաստառներով ու դրօշներով առաջնորդեցին քայլերթը: Ուշագրաւ էր նաեւ այն իրողութիւնը, որ խօսուն պաստառներն ու բարձրաձայն հնչած կարգախօսներն ու լոզունգները ուշադրութեան կեդրոն դարձան նաեւ բազմաթիւ օտար անցորդներու, որոնց զգալի մասը հետաքրքութեամբ հետեւեաւ ցոյցին:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շէնքին դիմաց խօսք առաւ Գառնի Թաթիկեանը: Ան լուսարձակի տակ առելէ ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, մատնանշեց այն կարեւոր դերը, որ Միացեալ Նահանգները կրնար խաղալ՝ ի խնդիր արդարութեան հաստատման:

Թորոնթոհայութեան բողոքի քայլերթի վերջին հանգրուանը «Նաթան Ֆիլիփս» կեդրոնական հրապարակն էր, ուր երիտասարդականի անունով խօսք առաւ Ժան Չաթալեանը: Ան ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է իմանայ, որ Ատրպէյճանը երկրորդ ցեղասպանութիւն մը գործադրելու սեմին կը գտնուի, ապա համապատասխան քայլեր պէտք է ձեռնարկէ կանխարգիլելու որեւէ ոտնձգութիւն արցախահայութեան նկատմամբ: Ան ըսաւ. «Թոյլ պիտի չտանք, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ: Թոյլ պիտի չտանք, որ արցախայահութիւնը տանջանքի մատնուի: Պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնել, ապահովելու արցախայահութեան գոյութիւնն ու արագ քայելով արդարութիւնը հաստատեու»: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Միասնաբար պիտի փրկենք Արցախն ու արցախցին»:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Աճէմեանը: Ան նախ ընդգծեց հայ ժողովուրդի կրած պատմական վայրագութիւնները, մասնաւորապէս 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած, ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէս դար մը ետք նոյն ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ ըսաւ. «Բայց այս անգամ հաստատօրէն պիտի չսպասենք 100 տարի, մենք այսօր հարցը լուծուած տեսնել կ’ուզենք»:

Աճէմեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց այն փաստացի իրականութիւնը, թէ միջազգային ճգնաժամերուն Գանատան ճանչցուած է օգնութեան ձեռք երկարող, ինչպէս, վերջին օրինակով, անոր օժանդակութիւնը Ուքրանիոյ, ապա հարցադրեց, թէ ինչո՛ւ յար ու նման քայլեր չձեռնարկուեցան հայ ժողովուրդին նակատմամբ, այսօր նաեւ չեն ձեռնարկուիր արցախահայութեան ի նպաստ: Ան հարցականի տակ դրաւ, թէ ինչո՛ւ հայկական իրողութիւնը շատ աւելի քիչ գնահատուած է, քան այլոց: Ան կոչ ուղղեց, որ շուտով Գանատան շօշափելի աջակցութիւն ցուցաբերէ արցախահայութեան, ապա աւելցուց, որ պէտք է միջազգային գետնի վրայ քայլեր ձեռնարկել, Արցախի իրավիճակը կայուն դարձնելու, եւ արցախահայութեան գոյութիւնը ապահովելու:

Աճէմեան իր խօսքի աւարտին շեշտեց կարեւորութիւնը ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան դէմ ոտքի կանգնելու կարեւորութեան, ապա կոչ ուղղեց Գանատայի ղեկավարութեան՝ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու Արցախի ճգնաժամը լուծելու համար: Վերջապէս իր խօսքը ուղղելով թորոնթոհայութեան՝ ըսաւ. «Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ, բնաւ մի՛ յուսահատիր: Մեր հայրենիքը մեզի պէտք ունի: Ձեր զաւակները հայ մեծցուցէք. պայքարը կը շարունակուի»:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Խաժակ Գուլաճեանը: Ան նշեց, որ հայութիւնը միայն միասնակամութեամբ է, որ պիտի փրկէ հայրենիքը իր ներքին եւ արտաքին թշնամիներէն: «Չկայ գանատահայ, չկայ արեւելահայ, արեւմտահայ կամ սփիւռքահայ, կայ հայու մէկ տեսակ, կայ հայ, ըսաւ ան, ապա մէջբերելով Չարենցի խօսքը, «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» : Գուլաճեան դիտել տուաւ, որ ըսուածը բացարձակ ճշմարտութիւն է եւ ըսաւ. «Բողոքի այս ցոյցով մեր պարատականութիւնը չէ աւարտած: Մենք աշխատանք ունինք կատարելիք: Իւրաքանչիւրս իր կարելին պէտք է ընէ, որ անյապաղ մեր խօսքն ու պահանջները հասնին ու դրուին քաղաքական պաշտօնատարներու սեղաններուն վրայ, որպէսզի մարդասիրական խորհրդանիշ նկատուած այս երկիրը, հայութեան եւ յատկապէս Արցախին ալ իր օգնութեան ձեռքը երկարէ», ապա իր խօսքը փակեց ըսելով. «Միասնաբար կը յաղթահարենք, հաւատացէ՛ք»:

ՏԷր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան կոչ ուղղեց չընկրկելու եւ շարուանկելու պայքարը, ապա աղօթքով աւարտեց իր պատգամը:

Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու երգեցողութեամբ իր աւարտին հասաւ թորոնթոհայութեան քայլերթը:

Սիլվի Աբէլեան

ՀՅԴ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930