Ազերիական յարձակումէն երկու օր ետք, երբ ուժասպառ ու սովամահ եղող Արցախի ներկայացուցիչները պարտադրուած էին բանակցութեան նստելու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ, Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան խորհուրդը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պահանջով, նիստ գումարեց, քննարկելու համար Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային վիճակը:
Եկէ՛ք, նախ առանձնացնենք Հայաստանի ներկայացուցիչին՝ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի դատապարտանքը: Հազուադէպ խստութեամբ՝ ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան «կ’աշխատի ցեղային զտումի ծրագիրը աւարտին հասցնել», հայրերու դէմ վայրագութեան արարքները եւ ամէն տեսակի ծանր զէնքերով յարձակումները համատարած են, ժողովուրդը սովի ու սարսափի մատնուած է, կան 200 զոհ, 400 վիրաւոր, եղածը հակամարտութիւն չէ, այլ հայերու բնաջնջման սպառնալիքը բացայայտ է:
Կա՞յ հայ մը, որ պիտի չձայնակցէր Միրզոյեանի «ցասման ողկոյզ»-ին եւ ետ պիտի կանգնէր ամենածանր ամբաստանութիւնները հնչեցնելէ Ալիեւի ոճրախումբին հասցէին: Պատասխանը՝ անվարան ո՛չ է: Բա՜յց…
Մի՜ աճապարէք: Կայ հայանուն մը, որ պատրաստ է կռնակէն դաշունահարելու ի՛ր իսկ արտաքին գործոց նախարարը: Ան կը կոչուի Նիկոլ Փաշինեան (եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի ըսելու, որ Միրզոյեան կը խօսէր իր պոսին ցուցմունքներուն համաձայն): Ան կը կրկնէ ու կը կրկնէ, թէ Արցախի հայերը անմիջական սպառնալիքի տակ չեն: Եթէ նման յայտարարութիւններով ան իբրեւ թէ կը փորձէ խուճապ կանխարգիլել (իսկ խուճապը իր խօսքերով պիտի չստեղծուէր, այդ գործը ըրին ազերիական ռմբակոծումները), անդին, աշխարհը եւ յատկապէս Ատրպէյճան պատրաստ են ոճրագործին շնորհուած իրողական չքմեղանքը տարբեր ականջով լսելու:
Կարդացեք նաև
Եւ ի՞նչ պատահեցաւ: Նոյն նիստին, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ճէյհուն Պայրամով «փաստագրեց», որ Միրզոյեան կը ստէ, որովհետեւ անոր պոսը՝ Փաշինեան կը պնդէ, որ Արցախի հայերը սպառնալքի տակ չեն: Պայրամով սուտ կը հանէ ո՛չ միայն Միրզոյեանը, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որոնք բարձրաղաղակ կը դատապարտեն (մի՛շտ մնալով խօսքի սահմաններուն մէջ) ազերիական ոճիրները, սկսելով Արցախի պաշարումէն մինչեւ յարձակումն ու ջարդերը…
***
Ատրպէյճան եւ անոր անվերապահօրէն զօրակցող Թուրքիա Փաշինեանէն եւ անոր վարչախումբէն աւելի լաւ նուէր կրնայի՞ն երեւակայել: Աւելո՞րդ է անգամ մը եւս դնել այն հարցումը, թէ Երեւանի ղեկին նստողը Հայաստանի՞, թէ՞ թուրք-ազերիական շահերու պաշտպանն է:
Ո՞վ Պայրամովի ձեռքէն պիտի խլէ Փաշինեանի շնորհած՝ «շահող խաղաքարտ»-ը:
Չէ՞ որ նոյնինքն Փաշինեան 180 աստիճանի շրջադարձութիւն ըրած է եւ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»-ը վերածած՝ «Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի»-ի: Չէ՞ որ սա նաեւ անվիճելի խաղաքարտ տուած է Հայաստանի բարեկամներուն եւ թշնամիներուն, բնական դաշնակիցներուն, որպէսզի ըսեն, թէ Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի (եւ ի սկզբանէ շատերուն հաշիւին կու գայ որ այդպէս ըլլայ):
Ազգադաւութիւնը, դաւաճանութիւնը քանի՞ գոյն ու ձեւ կ’ունենայ: Հայրենասէր մը քանի՞ մատ պէտք է ունենայ, որպէսզի կարենայ փաշինեանասէրներու աչքը կոխել այս իրականութիւնը…
***
Փաշինեանի այս ու նմանօրինակ յայտարարութիւնները այլապէս դաշոյնի նոր հարուած մը կը հասցնեն Արցախի այն պատուիրակութեան, որուն գլխուն զէնք դրած են ու տարած՝ բանակցութիւններու:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: