Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ընդհանուր յարձակումին եւ Արցախին կողմէ հրադադարի ընդունման իրականութեան տակ, Չորեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2023-ի, երեկոյեան յունահայութիւնը ընդառաջելով կոչերուն, համախմբուեցաւ Աթէնքի կեդրոնական «Սինտաղմա»-ի հրապարակը։ Նոյն օրուան առաւօտուն, Արցախէն հասած լուրերը կը խօսէին հրադադարին մասին, որ հետեւանք էր ատրպէյճանական ուժերու համատարած յարձակումներուն Արցախի սահմաններուն ամբողջ երկայնքին, օգտագործելով ռազմական օդային եւ ցամաքային ծանր սարքեր։ Ատրպէյճանի յարձակումները թիրախ դարձուցին անմեղ ժողովուրդը եւ Արցախի ենթակառուցուածքները, հարիւրաւոր մարդկային կորուստներ եւ լուրջ վնասներ պատճառելով։
Այսպէս, քանի մը ժամուան մէջ, յունահայ գաղութի քաղաքական գործօնները, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան, ընկերային ցանցերու եւ համացանցի հարթակներուն միջոցով արագ եւ անմիջական կոչ ուղղեցին, ժողովուրդը հրաւիրելով հաւաքի՝ Աթէնքի կեդրոնական հրապարակին վրայ։ Հարիւրաւոր հայրենակիցներ անսալով միասնական կոչին, իրենց ներկայութիւնը հաստատեցին հաւաքին, իսկ անոնց կողքին՝ գաղութի կրօնական, ազգային եւ միութենական կառոյցները եւս զօրակցութեան ձայն բարձրացուցին Արցախի մարտնչող ժողովուրդին։ Յատկանշական էր կազմակերպ պատանիներու եւ երիտասարդներու ներկայութիւնը, որոնք պաստառներով, Հայաստանի ու Արցախի դրօշներով յատկանշեցին հաւաքի ուժականութիւնն ու ընդվզումի ոգին։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազատ օր» օրաթերթի այս համարում