Փորձենք հասկնալ. ի՞նչ կը նշանակէ այն, որ Արցախի բնակչութեան ուղիղ սպառնալիք չկայ։ Անտեղեա՞կ է, թէ դարձեալ սուտի տոպրակը բաց է: Ամէնէն անցողակի դիտող հայն անգամ պիտի պատասխանէր. «Ա՛յ մարդ․ չե՞ս տեսներ, թէ ինչ կը պատահի»։ Հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկած են, գիւղերէ բնակիչներ բռնի տեղահանուած են կամ ապահով վայրեր ապաստանած, մարդիկ սովի ու մաշումի ենթարկուած են ամիսներէ ի վեր…:
Այս ընթացքով, ո՛չ միայն Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենայ, այլ նաեւ համաթուրանականութեան նորաձեւ եաթաղանները շուտով կրնան հասնիլ Սիւնիք, Գեղարգունիք, Վայք եւ ի վերջոյ․․․ «Էրիվան»՝ 19 Բաղրամեան պողոտայ, եւ ուրեմն՝ վերջ անկախ հանրապետութեան, վերջակէտ մը եւս Հայոց Պատմութեան էջերուն։
…Եւ դեռ խօսի՜լ, իրարու խառնել «էթնիք զտում»-ը, «ներքաղաքական էնթրիկ»-ները, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն Ստեփանակերտի օդակայան փոխադրութիւնը՝ ռուս խաղաղապահ զինուորներու միջնորդութեամբ, դարձեալ մեղադրանքներ նետել այդ խաղաղապահներուն հասցէին․․․: Յետոյ, ի՞նչ հասկնալ ու հետեւցնել այն հակասութիւններէն, թէ ինք դէմ է արցախցիներու հայրենալքումին (կարծէք թէ մարդիկ կամովին պիտի լքէին հայրենի տունը), սակայն նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնել 40 հազար ընտանիք ընդունելւո Հայաստանի մէջ եւ նման ընտրանք գունաւորել իբրեւ «երրորդ պլան»: Ո՞վ մոռցած է, որ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակիչներուն ալ նման պատգամ ուղղուած էր ատենին եւ յետոյ, յանկարծ հրահանգ արձակուած էր հեռանալու եւ… չայրելու լքուած բնակարանները: Հապա՞ 44-օրեայ պատերազմէն ետք բռնագաղթուած հատրութցիներն ու շուշեցիները, բռնագրաւեալ այլ շրջաններու բնակիչները, որոնցմէ շատեր մինչեւ օրս կը մնան Հայաստան (կամ այլուր), անոնց տունդարձի խոստումները հիմա ինկած են ազերիներու Արցախ եւ Հայաստան զանգուածային վերադարձի յորձանուտին տակ…
Այլ գիծի մը վրայ. վարչապետը վստահաբար քաջատեղեակ է, թէ իր ղեկավարած երկիրը իւրայատուկ է իր պաշտպանական կառոյցներով։ Աշխարհին մէջ քիչ են այն երկիրները, ուր ոստիկանութիւնը իր պատրաստութեամբ, նիւթական վարձատրութիւններով եւ հզօրութեամբ կը գերազանցէ… բանակը, եւ մի՛շտ պատրաստ է խոշտանգելու արդարօրէն բողոքող ցուցարարներ, մինչեւ իսկ նահատակ զաւակներու ծնողներ: Եւ այս բոլորէն ետք, դարձեալ խօսի՜լ պողպատեայ հակադարձութեան մասին…
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում