Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Այլ ընտրանք չկայ». Արամ Առաջինը համազգային զորաշարժի կոչ արեց

Սեպտեմբեր 21,2023 16:24

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կ՚ողջունենք տագնապալից պայմաններու մէջ: Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնուի մահուան դէմ յանդիման:

Արդարեւ, Ազրպէյճանի հետզհետէ ծաւալող սպառնալիքներուն ու սադրանքներուն դիմաց, ըրինք զիջումներ, վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրապարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն: Սակայն, ոչի՛նչ փոխուեցաւ: Ո՛չ ոք լսեց մեզ: Ո՛չ ոք գործնապէս բաժնեց մեր մտահոգութիւնները եւ զօրակից եղաւ մեր իրաւունքներուն: Միւս կողմէ, արիւնարբու թշնամին առաւել կատաղութեամբ շարունակեց իր պատերազմը հայ ժողովուրդին դէմ, զէնքով թէ քարոզչութեամբ, հայկական հողերու վրայ թէ աշխարհի տարածքին՝ դառնալով աւելի անգութ ու յարձակողապաշտ:

Թուրքիան ու Իսրայէլը շարունակեցին իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը իրենց դաշնակից ու բարեկամ Ազրպէյճանին:

Ազրպէյճանի կողմէ ֆինանսաւորուող թուրք քաղաքագէտներ ու հրեայ խախամներ անվերապահօրէն պաշտպանեցին Ազրպէյճանի ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը Արցախի ու Հայաստանի դէմ, նոյնի՛սկ դատապարտելով «ցեղասպանութիւն» բառին գործածութիւնը, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհ դարձած մեր ժողովուրդին կողմէ:

Միջազգային համայնքը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն սկսեալ մինչեւ Եւրոպական Միութիւն, բաւարարուեցաւ լոկ կոչեր հրապարակելով:

Ցարդ, ո՛չ մէկ գործնական քայլ՝ ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած ու սովամահ դարձած Արցախի ժողովուրդին օգտակար դառնալու: Ո՛չ մէկ շօշափելի նախաձեռնութիւն՝ Արցախի ժողովուրդի պատմական ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանող: Եւ աւելի՛ն, Ազրպէյճանը ցեղասպանութիւն է, որ կը փորձէ գործադրել Արցախի հարիւր քսան հազար (120,000) անմեղ հայերուն դէմ՝ քաղաքակիրթ աշխարհին դիմաց…:

Փաստօրէն անպաշտպան ենք ու առանձին:

Կարելի չէ՛ այլեւս հանդուրժել մեր ժողովուրդին դէմ կատարուող սադրանքները, սպառնալիքները, ռմբակոծումները ու յարձակումները: Կարելի չէ՛ այլեւս համակերպիլ պարտադրուած իրավիճակներուն: Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան ու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը միջազգային համայնքին պարտաւորութիւնն է եւ նաեւ ու մանաւանդ մեր ազգին համար առաջնահերթութիւն: Եթէ այսօր յաւերժ կորստեան սեմին գտնուող Արցախը չկարենանք փրկել, վաղը կրնայ Հայաստանը նմանօրինակ կացութեան մէջ գտնուիլ: Զգո՜յշ, հազա՛ր անգամ զգոյշ…:

Ըլլանք արթուն ու հեռատես: Պատահական չեն Ազրպէյճանի կողմէ առնուած զինուորական-քաղաքական յաջորդական քայլերը: Անոնք սերտօրէն ուսումնասիրուած ու ծրագրուած են եւ համահունչ՝ շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին եւ շատ հաւանաբար քաջալերուած շրջանի որոշ ոյժերու կողմէ:

Ո՞ւր ենք մենք: Ի՞նչ կ՚ընենք մենք:

Հայաստանը անորոշութեան եւ անտարբերութեան ամպերով է ծածկուած. իսկ արիւնաքամ դարձած Արցախը ամրօրէն կը մնայ պատնէշի վրայ: Պատի՛ւ իրեն: Արցախը մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն ու Հայաստանի ամբողջականութեան, անվտանգութեան եւ անկախութեան պաշտպանութեան առաջին ճակատն է. պէտք է զայն ամէն գնով պահել ամուր:

Արդ, չենք կրնար այլեւս հանդիսատես մնալ ներկայ ահաւոր ու աննախատեսելի վտանգներով լեցուն կացութեան դիմաց՝ սոսկ տագնապելով ու դատապարտելով: Ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ բաժակը յորդած է. դանակը ոսկորին է հասած արդէն:

Հետեւաբար, սա պահուն Անթիլիասի Մայրավանքէն կոչ կ՚ուղղենք

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺի

Այո՛, համազգային զօրաշարժ. այլ ընտրանք չկայ:

Սիրելի՛ զաւակներ հայ ազգին, այսօր անցեալը ու ներկան քննադատելու ժամանակը չէ. այսօր Արցախի ներկան ու Հայաստանի ապագան փրկելու ժամանակն է: Համախմբուինք համազգային այս սրբազան տեսլականին ու յանձնառութեան շուրջ՝ մեր ազգին ողջ ներուժով: Հո՛ս է մեր զօրութեան կռուանը:

Հետեւաբար,

Առաջին, պէտք է ողջ հայութիւնը ոտքի ելլէ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ, աշխարհին դիմաց արտայայտելով իր խոր ընդվզումը ու անխախտ միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Երկրորդ, պէտք է շուտով համազգային մաշտապով հանդիպում մը կազմակերպուի – հրամայական անհրաժեշտութիւն մը, որուն մասին նախապէս անդրադարձած ենք – մասնակցութեամբ մեր ազգին հոգեւոր, քաղաքական, պետական ու կուսակցական ղեկավարներուն, ճշդելու համար նոր ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն, իրատես ու խոհեմ մօտեցումով: Արդարեւ, աշխարհաքաղաքական շահերու բախումի յորձանուտին մէջ, հրամայական է որ Հայաստանը հաւասարակշռուած դիրքորոշումներ որդեգրէ՝ հեռու մնալով միակողմանի մօտեցումներէ:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Վստահինք մեր սեփական ոյժին: Մեր ազգին ոյժը իր հաւաքական հաւատքին, վճռակամութեան ու միութեան մէջ է: Ա՛յլ ճամբայ չունինք մեր դիմաց: Եկէ՛ք միասնաբար քալենք այս ճամբէն՝ վերանորոգ հաւատքով զօրացած ու վառ յոյսով շաղախուած:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

21 Սեպտեմբեր 2023

Անթիլիաս

Հինգշաբթի 21 Սեպտեմբեր, 2023-ին, Հայաստանի վերանկախութեան 32-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք, զօրակցական աղօթք եւ մաղթանք՝ Արցախի խաղաղութեան համար, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկայ գրութիւնը Վեհափառ Հայրապետին պատգամն է, զոր տուաւ արարողութեան աւարտին։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930