Օգոստոս 29-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարք մը քրիստոնէական համայնքներու առաջնորդներ նամակ ուղարկած են ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման առընչութեամբ։
Նամակին հեղինակները կոչ ըրած են ԱՄՆ նախագահին օգտագործելու իր ողջ ազդեցութիւնը՝ վերջ դնելու Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի՝ Բերձորի միջանցքի արգելափակման ազրպէյճանի կողմէ, ինչպէս նաեւ ջանքեր գործադրելու՝ հասնելու հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման։
«․․․Կը խնդրենք Ձեզի շտապ քայլեր ձեռնարկել՝ դադրեցնելու Արցախի շրջափակումը, տրամադրելու անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն եւ երաշխաւորելու, որ այդ կենսական նշանակութեան բեռը տեղ հասնի, վերջ դնելու Արցախի ժողովուրդին տառապանքներուն եւ կանխելու սողացող ցեղասպանութիւնը, որուն ականատեսն ենք մենք։ Կը յորդորենք ընել հնարաւորը՝ միջազգային գործընկերներու եւ ազրպէյճանի ու թուրքիոյ կառավարութիւններու հետ համագործակցութեամբ այս շարունակուող քաղաքական ճգնաժամին եւ մարդկայնական աղէտին անյապաղ դիւանագիտական լուծում գտնելու համար»,- գրուած է նամակին մէջ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Եռագոյն»-ում: